«Ժամանակի կը կարօտինք մեր բնական վիճակը վերագտնելու համար». Հարցազրոյց Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէն Զեփիւռ Էքմէքճեան-Րէիսեանին հետ

Երկրաշարժը ազդեց ինչպէս մարդոց առօրեայ կեանքին, այնպէս ալ կրթական մշակութային կառոյցներուն վրայ։
Երկրաշարժի առաջին օրէն իսկ, Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութեան որոշումով, աղէտեալ բոլոր շրջաններու դպրոցները փակուեցան։
Ճեմարանը եւս իբրեւ դպրոց փակուեցաւ, սակայն իր դռները բացաւ շրջանի ժողովուրդին ապաստանը դառնալով երկրաշարժի ահեղ օրերուն։
Այս առիթով «Գանձասար» յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէն Զեփիւռ Էքմէքճեան-Րէիսեանին հետ։
«Գանձասար»- Ճեմարանի կառոյցը ինչպիսի՞ վնասներ կրեց երկրաշարժին հետեւանքով, իսկ կրթական կեանքը տուժե՞ց այս մէկ ամսուան ճգնաժամային դադարին արդիւնքով։ 
Զեփիւռ Է. Րէիսեան– Ուսումնական այս տարեշրջանի բ. կիսամեակի սկզբնաւորութենէն երկու շաբաթ ետք,  Հալէպ քաղաքը հարուածած երկրաշարժի  ահաւոր ալիքներու  ցնցումէն անմասն չմնաց  նաեւ  կրթական  համակարգը։ Առաջին 1-2 օրերու կացութեան պարտադրանքով  դասաւանդութեան ընդհատումէն ետք, Կրթական Տնօրէնութիւնը  դասաւանդութիւնը վերսկսելու թուական յայտարարեց 13 Փետրուարը, այն դպրոցներուն համար, որոնց շէնքի ապահովութիւնը հաստատուած է յատուկ երկրաչափական-ապահովական  խումբերու կողմէ։
Ճեմարանի պարագային, թէեւ երկու շէնքերն ալ կրեցին վնասներ, սակայն թէ շէնքի վերանորոգումը կատարած Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խուրհուրդի եւ թէ Ազգ. Վարչութեան յառաջացուցած երկրաչափական մասնագիտական  խումբերու առաջին քանի մը օրերու կատարած ստուգումներէն ետք, հաստատուեցաւ, որ շէնքը ապահով է եւ կարելի է ընդունիլ աշակերտները, իսկ երկրաշարժին հետեւանքով երկու շէնքերու մէջ ալ յառաջացած ճեղքերն ու կարգ մը բաժիններու երեսպատման շարժած քարերու նորոգութիւնը յարմար նկատուեցաւ շրջան մը ետք կատարել, երբ  նուազին գրեթէ ամէնօրեայ յետցնցումները եւ շրջանը գտնէ իր համեմատական կայունութիւնը։
Կրթական Տնօրէնութեան ճշդած թուականին դասաւանդութիւն վերսկսիլ կարելի չէր, տրուած ըլլալով որ Ճեմարանը երկրաշարժի առաջին իսկ պահերէն դարձած էր ապաստան՝  ցնցումներուն սարսափը ապրող շրջանի բնակչութեան, որ  նախընտրեց  շրջափակի բացօթեայ տարածքին մէջ մնալ, անձրեւէն ու ցուրտէն պատսպարուելով անձնական  կամ ճեմարանի ինքնաշարժներուն մէջ, կամ ալ  գետնայարկի «Զարեհեան» սրահէն ներս։ Առաջին քանի մը օրերուն  ապաստանեալներուն մեծ  թիւը օր ըստ օրէ նուազեցաւ, եւ որովհետեւ դպրոցի շրջափակէն ներս  անոնց շուրջօրեայ  ներկայութիւնը արգելք էր բնականոն դպրոցական  կեանք սկսելու, աշխատանք տարուեցաւ իրենց բնակարանները վերադառնալու խնդիր ունեցող հայրենակիցները տեղափոխել  «Սահակ Նալպանտեան» սրահ, որպէսզի կարելի ըլլար 21-22 Փետրուարին վերսկսիլ դասաւանդութիւնը։
«Գ.»- Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանը ինչպիսի՞ լրացումներով սկսաւ իրագործել կրթական ծրագիրը երկար դադարէն ետք, նկատի ունենալով 9-րդ եւ 12-րդ կարգերու պետական քննութեանց կարեւորութիւնը եւ ուշացումներու բացասական ազդեցութիւնը ուսումնական կեանքին վրայ։
Զ.Է.Ր.- Դասաւանդման ծրագիրի իրագործման իմաստով  բնականաբար պետական քննութեան նախապատրաստուող  9-րդ  եւ 12-րդ կարգերու պարագան առաջնահերթ տեղ գրաւեց։ Դասատուներու հետ հանդիպումներով  պատրաստուեցաւ նոր եւ խտացուած դասացուցակ, սակայն 20 Փետրուարի յետմիջօրէի երկրորդ ցնցումը  շաբաթ մըն ալ  կասեցուց դասաւանդութեան ընթացքը։
27 Փետրուարէն 3 Մարտ շաբթուան ընթացքին  կարգ առ կարգ, օրական դրութեամբ աշակերտները վերադարձան դպրոց եւ 6 Մարտին Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնաբաշխ այցելութեամբ ու աղօթքով սկիզբ առաւ բնականոն դասաւանդութիւնը։ Բնականոն բացատրութիւնը անշուշտ կը վերաբերի դպրոցական առօրեայի կազմակերպման, որովհետեւ երկրաշարժի սարսափը ապրող  աշակերտները այնքան ալ դիւրաւ չէին կրնար վերագտնել իրենց հոգեկան խաղաղութիւնը։
«Գ.»- Նկատի առնելով աշակերտներու հոգեվիճակը, հոգեբանական խորհրդատուութեան յատուկ ծրագիր մը իր բարերար ազդեցութիւնը կրնա՞յ ունենալ աշակերտութեան վրայ։ 
Զ.Է.Ր.- Թէեւ դպրոցի անձնակազմը՝ հոգեբան-խորհրդատու, դասատուներ , դաստիարակներ թէ տնօրէնութիւն  հաւաքական կամ անհատական հանդիպումներով  այս ուղղութեամբ շարունակուող աշխատանք կը տանին, սակայն ցընցումը յաղթահարելու համար ժամանակի կը կարօտինք։
Ինչ կը վերաբերի ուսումնական ծրագիրին,  տրուած ըլլալով որ  բացի պետական քննութեանց թուականի մօտ շաբթուան մը ուշացումէն մինչեւ օրս, Կրթութեան Նախարարութենէն տակաւին չէ հրապարակուած   յատուկ   ցուցմունք՝  կրճատումներու կամ դասաւանդումի բացը  լրացնելու  ուղղութեամբ, 9-րդ եւ 12-րդ կարգերու պարագային մասնաւորապէս, ծրագիրի ամբողջացման գծով լուրջ աշխատանքի դէմ յանդիման ենք. անկախ խտացուած դասացոյցէն, կարիքի պարագային պիտի դիմենք  Շաբաթ օրերու  յաւելեալ դասապահերու դրութեան։ Անցումային դասարաններու պարագային  մինչեւ տարեվերջի քննութեանց թուական՝ մնացած սահմանափակ թիւով օրերուն աշխատանք պիտի տարուի իւրաքանչիւր նիւթի հիմնական եւ կարեւոր բաժինները անպայման դասաւանդել, բայց վստահաբար աշխատանք պիտի մնայ  յառաջիկայ տարեշրջանին ալ։
Որքան ալ ծրագրենք, ջանք թափենք ծրագրուածը իրականացնելու ուղղութեամբ, արդիւնքը – թէեւ նախատեսուած-ակնկալուածը չէ ։ Հասկնալի պատճառներով այսօր մեր աշակերտները կեդրոնանալու, լարուած աշխատանք տանելու դժուարութիւն ունին եւ ինչպէս ըսի ժամանակի կը կարօտինք մեր բնական վիճակը վերագտնելու համար։ Այս միջոցին բնականաբար  հոգեբանական աջակցութեան տարբեր միջոցներ ալ ձեռք առնուած են եւ պիտի շարունակուին առնուիլ, յիշեալ ժամանակամիջոցի հարցերը նուազագոյնի իջեցնելու համար։
Օրինակ՝ ԺԱ. կարգի պարագային, տարիքային այդ խումբի առանձնայատկութիւններու հաշուառումով, խտացուած դասընթացքով  մը պիտի փոխանցենք երկրաշարժի վտանգին շուրջ իրազեկման, երկրաշարժի պահուն ճիշդ վարուելու կամ  շտապ օգնութեան փութալու հիմնական գիտելիքներ։ Նման եւ այլ նախաձեռնութիւններ ծրագրած ենք  եւ յոյսով  ենք, որ   աստիճանական կայունացման ընթացքը կը պահպանուի եւ ապահով պայմաններով կը յաջողինք բոլորել տարեշրջանը, իրագործել նաեւ  դասաւանդման բացը լրացնելու մեր ծրագիրները։
Հարցազրոյցը Վարեց 
Ժիրայր Կարապետեան
«Գանձասար»

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.