Թուրք- ատրպէյճանական յարձակողապաշտութեան դէմ բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ Վանգուվըրի մէջ

Հ. Յ. Դ. Գանատայի երիտասարդական  միութեան Վանգուվըրի Արշաւիր  Շիրակեան Մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ, Շաբաթ, 3 Հոկտեմբեր 2020-ին, թուրքատրպէյճանական յարձակողապաշտութեան դէմ բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ Վանգուվըրի մէջ։

Երկու հարիւրէ  աւելի  հայեր, յոյներ  Քիւրտեր  մասնակցեցան հաւաքին։ Խօսք առին ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ. Մանուկ Ալէմեանը, Գանատայի  Հայ դատի Արեւմտեան շրջանի ատենապետ ընկ. Յակոբ Յակոբեանն ու Վանգուվըրի քիւրտ համայնքի ներկայացուցիչներ։ Դատապարտումի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ ԳԵՄի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի անդամ Նաթալի Պոզիքեան։

Բողոքի ցոյցը շարունակուեցաւ Ազգայիյեղափոխական երգերու  ներկայացումով։ Աւարտին, հոգշ. Տ. Գարեգին վրդ. Շխըրտըմեանի եւ Տէր Գեղարդ քհնյ. Կարապետեանի «Պահպանիչ»ով իր աւարտին հասաւ բողոքի ցոյցը։ ներկաները խրախուսուած հայ մարտիկներու սխրագործութիւներէն, ամբողջ ցոյցի ընթացքին կորոտային «Յաղթելու ենք» լոզունքը։

https://www.facebook.com/120633978044872/videos/1494467757418203

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.