Թուրքիան Մէկ Տարիով Երկարաձգեց Ակնայի Հսկողութեան Կեդրոնի Իր Զինուորներու Լիազօրութիւնը
Թուրքիան 17 նոյեմբերին մէկ տարիով պիտի երկարաձգէ Ազրպէյճանի մէջ տեղակայուած իր զինուորներու լիազօրութիւնը: Թուրքիոյ խորհրդարանը 15 նոյեմբերին հաւանութիւն տուած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` 13 նոյեմբերին ներկայացուցած օրինագիծին:
Ըստ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան, փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն կողմէ 9 նոյեմբեր 2020-ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեամբ նախատեսուած աշխատանքները կը շարունակուին, Ակնայի մէջ գործող ռուս-թրքական միացեալ հսկողութեան կեդրոնի գործունէութիւնը «յաջողութեամբ կը շարունակուի»:
Ըստ օրինագիծին, «Թուրքիան այս կեդրոնին միջոցով կ՛օգնէ ապահովել շրջանի անվտանգութիւնը եւ ամրապնդել կողմերուն միջեւ վստահութիւնը»:
«Հակառակ Ազրպէյճանի կողմէ սեպտեմբերին ձեռնարկուած հակաահաբեկչական գործողութեան, հարցը վերջնականապէս լուծուած չէ, որովհետեւ հակամարտող կողմերուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր տակաւին չէ կնքուած:
«Թուրքիան, որ հոլովոյթի սկիզբէն աջակցած է Ազրպէյճանին, որպէսզի ան կարենայ պաշտպանել իր բոլոր իրաւունքները, ներառեալ` տարածքային ամբողջականութիւնը, կը շարունակէ զգալի ներդրում ունենալ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման եւ ամրապնդման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ ատոր նպաստող տնտեսական ենթակառոյցներու կառուցման ու վերականգնման մէջ», նշուած է փաստաթուղթին մէջ:
Comments are closed.