Թուրքիան Կործանման Եզրին է. Ընդդիմադիր Գործիչը` Սահմանադրական Փոփոխութիւններու Մասին
Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական (ԺՀԿ-CHP) կուսակցութեան փոխնախագահ Չեթին Օսման Պուտաքը մտահոգութիւն յայտնած է խորհրդարանին մէջ քննարկման դրուած սահմանադրական փոփոխութիւններուն : Թրքական պետական «Anadolu» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ` թեմայի վերաբերեալ իր հրապարակած գրաւոր յայտարարութեան մէջ Պուտաքը նշած է, որ Թուրքիոյ ազգային մեծ ժողովի (ԹԱՄԺ-TBMM) գլխաւոր խորհուրդի քննարկումներուն մասնակցող բոլոր պատգամաւորները շատ մեծ պատասխանատուութիւն կը կրեն:
ԺՀԿ փոխնախագահի պնդմամբ` սահմանադրական փոփոխութիւններու հաստատման պարագային նախագահին պիտի տրուի գործադիր եւ օրէնսդիր մարմինի, ինչպէս նաեւ` դատական համակարիգի չափէն աւելի շատ լիազօրութիւններ: Միեւնոյն ժամանակ անոր գործունէութեան գրեթէ անհնար պիտի ըլլայ որեւէ կերպով վերահսկել:
«Այդքան լայն իրաւասութիւններ մէկ անձի ձեռքին մէջ կեդրոնանալը վերջ պիտի տայ ուժերու բաշխման: Ակնյայտ է, որ այնտեղ, ուր չկայ ուժերու հակակշռող բաշխում, պիտի չըլլայ նաեւ իրաւունք եւ ժողովրդավարութիւն: Թուրքիան կործանման եզրին է», -ըսած է Պուտաքը:
Ան կոչ ըրած է խորհրդարանի պատգամաւորներուն` քուէարկելու ատեն ողջախոհութիւն դրսեւորել, քանի որ անոնց ընտրութեամբ պիտի վճռուի Թուրքիոյ եւ անոր ժողովուրդին ճակատագիրը:
ԺՀԿ փոխնախագահը աւելցուցած է նաեւ, որ ըստ կատարուած ուսումնասիրութիւններուն, Թուրքիոյ բնակչութեան մեծ մասը տեղեակ չէ սահմանադրական փոփոխութիւններու բուն բովանդակութենէն: Բնակչութիւնը բաւարար չափով տեղեակ չէ խորհրդարանին մէջ ընթացող քննարկումներուն: