Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչում
Կազմակերպութեամբ Հայ Դատի յանձնախումբին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի մայր սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ ոգեկոչման ձեռնարկը, Կիրակի, Ապրիլ 21-ին, ժամը 2-ին, որուն ներկայ էին աւելի քան 400 հայորդիներ, հոգեւոր հայրեր եւ քաղաքական ներկայացուցիչներ։ Վերոնիք Այնէճեան օրուան հանդիսավարն էր, որ ձեռնհաս կերպով կատարեց իր դերը երեք լեզուներով։
Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով սկսաւ յայտագիրը, ապա յոտնկայս յարգեցինք մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակը։ Այնէճեան բացատրեց, թէ որպէս վերապրողներու 2-րդ, 3-րդ եւ 4-րդ սերունդ, կը կրենք «մոռցուած ցեղասպանութեան» ցնցիչ արդիւնքը, որ մեր ինքնութեան անուրանալի մասն է։ «Ուրացողներու դէմ ըլլանք, հաստատ կերպով, ամբողջ տարուան ընթացքին եւ հետեւողականօրէն։ Արցախի 44-օրուայ պատերազմին աշխարհը լուռ մնաց, աւելի քան 4 հազար զոհ տուինք, 9 ամիսներ արգելափակում տեղի ունեցաւ եւ ապա 120,000 արցախահայերու տեղահանում» ըսաւ ան։ Կոչ ուղղեց կառավարական ներկայացուցիչներուն, որ իրենց դիրքերուն եւ պաշտօններուն միջոցաւ պայքարին ցեղասպանութեան ուրացումին եւ խեղաթիւրուած իրականութեանց դէմ։ Ան յայտնեց նաեւ, թէ ամէնէն վտանգաւոր սպառնալիքը Ատէրպայճանի նախագահն է, որ կը համարձակի Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի գոյութեան սպառնալ։
Քաղաքապետական, նահանգային եւ դաշնակցային կառավարութիւններու ներկայ բոլոր ներկայացուցիչները արտայայտուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան ահաւորութեան մասին, յիշելով անմեղ զոհերը. անոնք վեր առին վերապրողներու կամքը եւ անոնց գոյատեւելու յանձնառութիւնն ու ձգտումը դէպի ապահով աշխարհ, ուր խտրականութիւնն ու հալածանքը բաժին չունին։ Նաեւ գովաբանուեցաւ 1923-ի Ճորճթաունի որբերու գանատական մարդասիրական ծրագիրը։
Խորհրդարանի անդամ եւ նախարար Ֆիլոմինա Թասի փոխանցեց Գանատայի վարչապետ Ճասթըն Թրուտոյի պատգամը։ Այս վերջինը, 2018-ին, Գանատայի առաջին վարչապետը եղաւ, որ այցելեց Ծիծեռնակաբերդ՝ յարգելու մեր մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակը։
Խորհրդարանի անդամ Հէն Տոնկ փոխանցեց, թէ Գանատայի եւ Հայաստանի միջեւ քաղաքական յարաբերութիւններու հաստատումի առաջին քայլը Գանատական դեսպանութիւն ունենալն է Հայաստանի մէջ։ Որպէս անդամ Գանատա-Հայաստան բարեկամութեան խորհուրդին, ան յայտնեց, թէ լրջօրէն կ՚աշխատի նեցուկ ըլլալու Հայաստանի խաղաղութեան եւ կայունութեան։
Հանդիսավարը հրաւիրեց Հայ Դատի Շրջանայինի ատենապետ Շահէն Միրաքեանը, որ յայտնեց. «Իւրաքանչիւրս ունինք ընտանեկան պատմութիւն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութեամբ, առաւել ականատեսներն էինք Արցախի քաջ ժողովուրդին դէմ իրագործուած ցեղասպանական արարքներուն։ Նաեւ ցուցանիշներ կան Հայաստանի ժողովուրդին դէմ նոր ցեղասպանութեան։ Հետեւաբար ինչպէ՞ս կրնամ ձեզի նկարագրել մեր չարչարուած պատմութիւնը, հաւաքական վիշտը եւ արդարացի վախերը»։
Ճորճթաունի որբերու ուսուցիչին 1926 Ապրիլ 24-ի պատգամին հետեւելով, Միրաքեան յորդորեց, որ ապագային նայինք առանց տկարանալու, հետամուտ ըլլանք արդարութեան, ապահովութեան եւ ինքնավարութեան, որպէսզի ըլլանք մեր նահատակներուն արժանի ժառանգորդները։
Միրաքեան խօսքը ուղղեց կառավարական ներկայացուցիչներուն, ըսելով որ պատրաստ ըլլան լսելու մեր ձայնը Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման եւ ատրպէյճանական բռնակալութեան դէմ։ Յանձնարարեց, որ կարդան Հայ Դատի պատգամը համացանցի վրայ եւ օգտագործեն իրենց ուժն ու դիրքը անմիջական գործի անցնելու։
Օնթարիոյի նահանգապետ Տակ Ֆորտի պատգամը փոխանցեց նախարար Սթէն Չօ։ Նահանգային խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեան իր երկլեզու պատգամին մէջ փոխանցեց, թէ Մայիսը Հայկական մշակոյթի ամիս հռչակուած է։ Նաեւ յիշեց, որ նախկին վարչապետ Սթիվըն Հարբըր տարիներ առաջ ընդունեց ցեղասպանութիւնը։
Օնթարիոյի խորհրդական Թոմ Ռաքոզովիգ, որպէս Սերպ եւ Ուղղափառ Քրիտոնեայ եկեղեցւոյ պատկանող, վեր առաւ հայերու անկոտրում կամքը՝ անխախտ մնալու իրենց հաւատքին վրայ, սփիւռքի ուժը գնահատեց, ապա իր խօսքը աւարտեց «Ձեր կողքին ենք» հաստատումով։
Նոյնպէս Օնթարիոյի խորհրդական բժիշկ Ատիլ Սամճի, փոխանցեց իր խօսքը, յայտնելով որ աներեվակայելի բռնարարք է անձի մը, ընտանիքի մը կամ ժողովուրդի մը երազներու խորտակումը։
Թորոնթոյի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչ Ճոշ Մէթլօ իր եւ քաղաքապետ Չաուի անունով խօսք առաւ եւ ըսաւ, թէ ցեղասպանութիւնը կը նմանի վէրքի մը, որ չի բուժուիր, մանաւանդ երբ վէրքը պատճառողը կ’ուրանայ իր արարքը։
Մարքամի քաղաքապետ Ֆրանք Սքարբէթի խօսեցաւ Մարքամի «Յոյսի անտառ»ին մասին, ուր 100 ծառեր տնկուեցան Ցեղասպանութեան 100-ամեակին։ «Ծառերը կեանքի եւ յոյսի խորհրդանիշ են եւ Գանատայի հաստատումը՝ թէ ձեր կողքին է» ըսաւ ան։
Կրթական մշակ եւ դպրոցներու խնամակալ Անճէլա Քէնըտի առաջարկեց, որ վերապրողներու շառաւիղներ այցելութիւն տան դպրոցներու եւ փոխանցեն իրենց պատմութիւնը։
Նշենք, որ ներկայ էին նաեւ Յունաստանի եւ Լիբանանի ներկայացուցիչներ, խորհրդարանի նախկին խօսնակ Տէյվիտ Ուորնըր, փրոֆեսորներ Իզապէլ Գաբրիէլեան Չըրչիլ եւ Սթէյսի Չըրչիլ եւ արուեստագէտ Ժերարտ Բարաղամեան։
Հանդիսավարը աւարտեց ձեռնարկը, ըսելով որ Թուրքիան պէտք է առերեսուի իր պատմութեան հետ, ապա հրաւիրեց ներկաները իրենց ծաղիկները զետեղելու յուշարձանին առջեւ: Տէրունական աղօթքով աւարտեցաւ ձեռնարկը։
Արշօ Զաքարեան
Լուսանկարները Sako Prophoto-ի
Comments are closed.