Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն նախարար Մէյրի Ինկի ի պատիւ

Horizon Weekly Newspaper

(«Հորիզոն») – Հինգշաբթի, 28 Մարտ 2019-ին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնէն ներս Գանատայի Շրջանային Հայ Դատի յանձնախումբին հրաւէրով տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը Գանատայի փոքր գործարարութեան եւ արտահանման խթանման նախարար Մէյրի Ինկի ի պատիւ:

Ընդունելութեան ներկայ էին Օնթարիոյ նահանգային խորհրդարանի պատգամաւոր Ռիչմընտ Հիլ շրջանի երեսփոխան Մաճիտ Ճոհարի եւ Ուիլոտէլի շրջանի երեսփոխան Ալի Էհսասի: Ընդունելութեան ընթացքին նախարարը առիթ ունեցաւ հանդիպելու Թորոնթոյի հայ համայնքին հետ:

Նախարարը իր խօսքին մէջ ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, ան շեշտեց, թէ հայ համայնքը որոշիչ դեր ունի Գանատայի մէջ, անդրադարձաւ Գանատայի ներկայ տնտեսութեան կայուն վիճակին եւ փոխանցեց կառավարութեան հայթայթած դիւրութիւնները՝ հիմնականօրէն նուազեցնելով փոքր գործարարութեանց տուրքերը 11%-էն 9%-ի:

Տիկին նախարարը նաեւ անդրադարձաւ Գանատա-Հայաստան փոխյարաբերութիւններուն ամրապնդման աշխատանքներուն, որոնց շնորհիւ բարելաւում արձանագրուած է զբօսաշրջութեան, տնտեսական եւ առեւտրական փոխյարաբերութեանց ոլորտներէն ներս:

Նախարարը բարձրօրէն գնահատեց գանատահայութեան բերած ներդրումը Գանատայի տնտեսական եւ մշակութային բնագաւառներէն ներս եւ խոստացաւ շարունակել համագործակցիլ Գանատայի հայ համայնքին հետ:

Սարին Փոլատեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.