Թորոնթոյի մէջ սկիզբ առաւ Ազգային Առաջնորդարանի կազմակերպած «Երիտասարդական Լուսարձակ» հանդիպումը
ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՉԱՐԵԱՆԻ «ՀԻՄԱ Է ՄԵՐ ԺԱՄԱՆԱԿԸ, ԵԿԷ՛Ք ԶՐՈՒՑԵՆՔ» ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊՍԱԿՈՒԵՑԱՒ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ
«Մենք պարտաւոր ենք հաւատարիմ մնալու մեր հոգեւոր ու ազգային արժէքներուն», Շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը
Հինգշաբթի, 7 Մարտ 2019-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի նախաձեռնութեամբ սկիզբ առաւ Ազգային Առաջնորդարանի կազմակերպած «Երիտասարդական Լուսարձակ»ի հանդիպումը, որ կը կրէր «Հիմա Է Մեր Ժամանակը, Եկէ՛Ք Զրուցենք» խորագիրը: Հանդիպման առաջին կանգառը Թորոնթոյի մէջ էր: Նշենք, որ այս ծիրին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի շրջի Թեմիս զանազան համայնքները եւ հանդիպումներ պիտի ունենայ երիտասարդութեան հետ, պիտի լսէ անոնց դժուարութիւնները, զրուցէ անոնց հետ, եւ հաւատքի պարունակին մէջ՝ ճամբաներ թելադրէ անոնց, առօրեայ մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար։
Թորոնթոյի հանդիպման առաջին բաժնով, Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց երիտասարդութեան կարեւորութիւնը մեր թեմի հաւաքական կեանքին մէջ, նշելով, որ կը գիտակցի ներկայ ժամանակներու պարտադրած դժուարութիւններուն, սակայն ի՛նչ ալ որ ըլլան պայմանները մենք պարտաւոր ենք հաւատարիմ մնալ մեր հոգեւոր եւ ազգային արժէքներուն, աղօթքը դարձնենք մեր վերքերուն բալասանը, ըլլանք օրինակելի հայեր ու քաղաքացիներ, գուրգուրանք մայրենի լեզուին, հաւատարիմ զաւակները ըլլանք մեր Ս. Եկեղեցւոյ ու մեր քրիստոնէական հաւատքին։
Ապա, երիտասարդները քրիստոնէական դաստիարակութեան, ինքնութեան պահպանման, մեր եկեղեցւոյ դերակատարութեան, արդի արհեստագիտութեան, ընկերային ցանցերու գործածութեան, երիտասարդները ազգային–եկեղեցական կեանքին հետ կապուած պահելու դժուարութիւններուն եւ քրիստոնէական աստուածաբանութեան հետ առնչութիւն ունեցող հարցադրումներ կատարեցին, որոնց Առաջնորդ Սրբազանը տուաւ սպառիչ պատասխաններ։
Աւարտին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին երիտասարդներ մտերմիկ զրոյց ունեցան Բաբգէն Արքեպիսկոպոսին հետ եւ անհատական հարցումներով՝ իրենց միտքերը չարչրկող հարցերուն յաւելեալ լուսաբանութիւններ ստացան:
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց երիտասարդները, որոնք օտար ափերու մէջ լծուած են հայակերտման ու քրիստոնէական հաւատքի պահպանման նուիրական առաքելութեան։
Նշենք, որ «Երիտասարդական Լուսարձակ» շրջապտոյտի երկրորդ կանգառը պիտի ըլլայ Մոնթրէալը, Հինգշաբթի, 2 Մայիս 2019-ին։