Թորոնթոյի մէջ հանդիսաւոր կերպով տեղի ունեցաւ «Հորիզոն»ի 45-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւնը

«Հորիզոն» շաբաթաթերթի 45-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւնը մեծ շուքով նշուեցաւ Ուրբաթ, 4 Հոկտեմբեր 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Թորոնթոյի Հայ երիտասարդական կեդրոնին մէջ, հովանաւորութեամբ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէին եւ կազմակերպութեամբ «Հորիզոնի»ի 45-ամեակի յանձնախումբին:

Պաշտօնական հանդիսութիւնը բացուած յայտարարեց օրուան հանդիսավար՝ Քաթիա ՏԷր Յովակիմեանը: Ան բարի գալուստի խօսքէն ետք ներկաներուն ուշադրութիւնը սեւեռեց 45 տարի առաջ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի որոշումով սկիզբ առած «Հորիզոն» շաբաթաթերթի լրագրական երթին եւ ըսաւ, որ «Հորիզոն»ին շնորհիւ այսօր արխիւագրուած են գանատահայութեան 50-ամեայ պատմութիւնը, որ կ’ընդգրկէ տարբեր քաղաքներու մէջ գործած ու տակաւին գործող հայկական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու հարուստ ժառանգութիւնը:

Քաթիա Տէր Յովակիմեան նաեւ ընթերցեց «Հորիզոն»ի 45-ամեակին առիթով Գանատայի վարչապետ Ճասթըն Թրուտոյի յղած շնորհաւորական ուղերձը, ուր վարչապետը իր ջերմ ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի կողքին ընդգծած էր թերթին կարեւոր դերը: Ան նշած էր, որ հիմնադրութեան թուականէն՝ 1979-էն, «Հորիզոն»ը իր ընթերցասէր հասարակութեան կը տրամադրէ տեղեկատուութիւն Գանատայի, Հայաստանի եւ աշխարհի տարբեր զարգացումներուն մասին: Վարչապետը իր ուղերձով կ’ըսէր նաեւ, որ յոբելեանը հրաշալի առիթ է արտացոլելու թերթին հպարտ անցեալը, տօնելու անոր նուաճումները եւ նոր նպատակներ դնելու յառաջիկայ տարիներուն։

«Հորիզոն»ի Արցախի աշխատակից Տիրուհի Գասպարեան Երեւանէն տեսանիւթով մը փոխանցեց օրուան պատգամը:

Տիրուհի Գասպարեան խօսքին սկիզբը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց «Հորիոզոն»ին աշխատակցելու հնարաւորութեան համար, ապա, վառ ու խօսուն պատկերներու ուղեկցութեամբ ան ներկայացուց իր ծննդավայրը, լրագրական ուղին՝ ներկաներուն առջեւ բանալով Արցախ աշխարհի հրաշահի գեղեցկութիւնն ու մշակութային ժառանգութիւնը:

Ականատես դարձած երեք պատերազմներու եւ արմատախիլ եղած Արցախի հողէն՝ Տիրուհի Գասպարեան կոչ ուղղեց չվհատելու եւ պայքարն աւարտած չհամարելու՝ ըսելով. «Այսօր հսկայական գործ ունինք կատարելու՝ վերականգնելու մեր պետականութիւնը եւ հայուն վերադարձնելու Արցախը: Նոր սերունդը ցոյց տուաւ, որ տէր է իր երկրին, պէտք է զինուինք նոր սերունդի գաղափարախօսութեամբ, հաւատանք մեր ուժերուն ու համազգային միասնակամութեամբ պատրաստ ըլլանք բոլոր մարտահրաւէրներուն»: Ապա իր խօսքի աւարտին ան շնորհաւորեց «Հորիզոն»ի 45-ամեակը, այն «Հորիզոն»ին, որ արցախեան ազատագրական պայքարէն մինչեւ այսօր արցախահայութեան կողքին է, իսկ վերջին 20 տարին ամէնամեայ մասնակից է Արցախի կեանքին՝ Քարվաճառէն մինչեւ Հատրութ, Շուշիէն Ստեփանակերտ եւ Մարտունի», ապա փակեց խօսքը ըսելով. «Կը հաւատանք, որ «Հորիզոն»-ին հետ հորիզոնին կրկին արեւ կը տեսնենք»:

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը ներկայացուց ընկ. Խորէն Տիմիթեան: Ան ըսաւ, որ 45 տարիներու ընթացքին «Հորիզոն»ը դարձած է Գանատայի հայ գաղութի իրադարձութիւններու լրատուական կենսական աղբիւր: Իր էջերուն մէջ ներկայացուցած է գանատահայ առօրեայ կեանքը՝ աւետելով վարժարաններու եւ եկեղեցիներու ծնունդը, միութիւններու հիմնադրումը եւ գաղութի կազմակերպական կեանքի ժամանակագրութիւնը: «Հորիզոն»ը նաեւ լայնօրէն լուսաբանած է եւ տարածած Հայ դատի աշխատանքները եւ գանատահայութեան արձանագրած յաղթանակներու արձագանգը:
Տիմիթեան հաստատեց նաեւ, որ «Հորիզոն» կարեւոր աղբիւր մըն է Գանատա, Հայաստան, Արցախ բազմակողմ յարաբերութիւններու ամրապնդման հարցերուն մէջ: Ապա եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Հորիզոն» տիրական ներկայութիւն է թէ՛ համացանցի վրայ եւ թէ՛ ընկային ցանցերու տարբեր հարթակներու վրայ: Եւ որպէսզի կարելի ըլլայ առաւել զարգացնել անոր առցանց կարողութիւնները եւ հզօրացնել քարոզչական դաշտը, այսօր աւելի քան երբեւէ «Հորիզոն» կարիք ունի ընթերցողներու ոչ միայն բարոյական, այլ նաեւ նիւթական աջակցութեան՝ արդարութեան եւ ճշմարտութեան հորիզոններուն հասնելու համար»:

Ցուցադրուեցաւ «Հորիզոն»-ի 45 ամեակին նուիրուած փաստավաւերագրական ժապաւէն մը՝ բեմադրութեամբ Յակոբ Փափազեանի։ Փաստավաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութեան հովանաւորներն էին Սիմոն եւ Մարալ Հասըրճեանները:

Այնուհեսեւ խօսք առաւ «Հորիզոն»ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան: Ան իր խօսքին սկիզբը յուշեց ներկաներուն, որ «Հորիզոն» հետեւած է լրագրութեան մէջ ճշմարտութիւնը ներկայացնելու սկզբունքին, եւ ապա լուսարձակի տակ առաւ անոր 45 տարիներու առաքելութիւնը, որուն առանցքը դարձած են պետական մակարդակի վրայ, նահանգային եւ դաշնակցային հանդիպումներու ընդմէջէն Գանատայի հայ համայնքի շաղկապումը Գանատայի քաղաքական միջավայրին հետ, ինչպէս նաեւ անցնող 22 տարիներուն իր մշտական ներկայութիւնը Արցախի մէջ, ուր «Հորիզոն»ը ապրած, վկայագրած եւ արխիւագրած է:

Ան շեշտեց. «Արցախը դաւադրութեան զոհ գացած է, բայց «Հորիզոն» պատնէշի վրայ պիտի գտնուի, պիտի պայքարի, որպէսզի գայ այն օրը եւ վերականգնի մեր սիրելի Արցախը»:

Անդրադառնալով անընդհատ զարգացող լրագրողական նորարարութիւններուն՝ ան աւելցուց, որ միշտ մնալով աւանդական սկզբունքներուն հաւատարիմ՝ անմասն կարելի չէ մնալ համաշխարհային ուղղուածութենէն եւ անպայման պիտի գտնենք համարկումի ձեւ, որպէսզի քայլ պահենք 21-րդ դարու լրագրական-քարոզչական նորարարութիւններուն հետ: Ան նշեց, որ լուրջ ծրագրեր արդէն կան եւ «Հորիզոն»ը կ’ընթանայ դէպի այդ ուղղութեամբ: Այս առումով ալ կարեւորեց բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւնը, որ նպատակաուղղուած է զարգացնելու «Հորոզոն»ի ապագայ համացանցային եւ առցանց առաքելութիւնը:

Գարագաշեան եզրափակեց խօսքը ըսելով. «45 տարի առաքելութիւն էր, որ կատարեց «Հորիզոն»ը. յառաջիկայ փուլին պիտի մնանք առաքելութեան հաւատարիմ մէկ յստակ ուղղութեամբ՝ աշխատելով եւ հաւատալով, ինչպէս 22 տարիներուն, թէ կը վերադառնայ Արցախ, որովհետեւ Արցախը հող է, ջուր է, Հայաստան եւ հայրենիք է. դուք եւ մենք կը վերադառնանք Արցախ»:

Գարագաշեան «Հորիզոն»ի 45-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութիւնը պատեհ առիթ համարեց յիշատակելու այն աշխատակիցները, որոնք ժրաջան ու մեծ նուիրումով ծառայած են «Հորիզոն»ին երկար տարիներ: Ան ըսաւ, որ անոնք ֆիզիքապէս ներկայ չեն, բայց անոնց ոգեղէն ներկայութիւնը մնայուն է, յիշատակելով՝ Մարգար Շարապխանեանը, Սագօ Ղազարեանը եւ Գալուստ Պապեանը:

Շարունակելով կարեւորել աշխատակիցներու դերը թերթի աշխատանքային ընթացքին մէջ՝ Գարագաշեան գնահատագրերով պատուեց Թորոնթոյի ներկայ աշխատակիցներէն Սարին Փօլատեանը, Սիլվի Աբէլեանը եւ Աստղիկ Աշըգեանը, որոնք բծախնդրութեամբ, ժրաջան մասնակցութեամբ իրենց ներդրումը ունեցած են «Հորիզոն»ի աշխատանքներուն մէջ:

Ցուցադրուեցաւ «Հորիզոն»ի Միջին Արեւելքի աշխատակից Տիանա Սքայայի ուղերձ-տեսանիւթը Վարշաւայէն: Տիանան, իր արհեստավարժ եւ հմուտ ոճով ներկայացուց, թէ ինչպէս առած է իր առաջին լրագրական քայլերը «Հորիզոն»ի յարկին տակ: Այնուհետեւ, հանգամանօրէն անդրադարձաւ իր լրագրական ուղիին՝ սկսած Գանատայէն, ապա Միջին Արեւելքի պատերազմական գօտիներէն մինչեւ ներկայիս իր աշխատանքային միջավայրը: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց «Հորիզոն»ի խմբագրակազմին ու աշխատակազմին՝ ստացած նեցուկին ու քաջալերանքին համար:

Հանդիսութեան ընթացքին մեծարուեցաւ Մարիա Սարաս-Վութսինաս՝ գործադիր տնօրէն National Ethnic Press and Media Council of Canada-ի, երկար տարիներ իր անշահախնդիր աջակցութեան եւ «Հորիզոն»ին իր մատուցած ծառայութիւններուն եւ նեդրումին առթիւ:

Մարիա Սարաս-Վութսինաս իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց մեծարման համար եւ շնորհաւորեց «Հորիզոն»ի 45 հիասքանչ տարիները: Ան ըսաւ. «Ես այստեղ եմ՝ ձեզի հետ տօնելու «Հորիզոն»ի գալիք 45-ամեակը»: Ան նաեւ կարեւորեց, որ թերթի ընթերցողները, բարոյական եւ նիւթական աջակիցները շարունակեն իրենց նեցուկը, որովհետեւ անոնք նոյնքան կարեւոր են թերթի յաջողութեան համար, որքան խմբագրակազմը եւ աշխատակազմը: «Հպարտ եմ ու պիտի շարունակեմ սատարել ձեր յաջողութեան», ըսելով եզրափակեց Մարիա Սարաս-Վութսինաս:

Տեղի ունեցաւ «Հորիզոն»ի երկարամեայ աշխատակից Գրիգոր Հոթոյեանի մեծարումը: Այս առիթով Հոթոյեան իր սրտի խօսքը արտասանեց` արտայայտելով իր խոր երախտագիտութիւնը թերթին ու անոր ամբողջ անձնակազմին: Ան կարեւորեց հայ սերունդներու հայեցի դաստիարակութիւնը, հայ լեզուի պահպանումն ու նաեւ ազգային արժէքներուն կառչումը: Իր խօսքը եզրափակելով՝ Հոթոյեան ըսաւ, որ հակառակ իր առաջացած տարիքին, պիտի շարունակէ օգնել «Հորիզոն»ին, ինչպէս նաեւ հայրենիքին՝ Հայաստանին ու Արցախին:

Աւարտին Գերշ. Տէր Տաթեւ Քհն. Միքայէլեանի ջերմ շնորհաւորանքներով, հարազատ վկայութիւններով ու մաղթանքներով, ինչպէս նաեւ աղօթքով փակուեցաւ «Հորիզոն»ի 45-ամեակին յոբելենական հանդիսութիւնը:

Հանդիսութեան աւարտին, հիւրասիրութեան մը շուրջ ներկաներու շնորհաւորանքներու փոխանակումները եւ հպարտութեան արտայայտութիւնները անգամ մը եւս հաստատեցին, որ թորոնթահայութիւնը ամէն գնով պիտի շարունակէ սատարել հայ մամուլի անդաստանին մէջ իր արժանի տեղը նուաճած «Հորիզոն»ին՝ մաղթելով դէպի յաջորդ տասնամեակներու արդար հորիզոններ:

Սիլվի Աբէլեան
Լուսանկարները՝ Իշխան Ղազարեանի

Comments are closed.