ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ Հ.Օ.Մ.-Ի ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 44ՐԴ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

ԱՌԱՋԻՆ ԶԱՆԳԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՀՆՉԵՑ

Սեպտեմբեր է դարձեալ՝ Վերամուտի եւ դպրոցական կեանքի վերադառնալու գործընթաց: Տնօրէնութիւն, ուսուցչակազմ, աշակերտութիւն եւ ծնողք կը վերադառնան նպատակաուղղուած աշխատանքի, եւ իւրաքանչիւրը ունի իր առջեւ դրուած մարտահրաւէրներն ու յանձնառութիւնները:  Նոյնն է պարագան Թորոնթոյի Հ.Օ.Մ.-ի «Ռուբինա» Մանկամսուրի, Պապայեան մանկապարտէզի, Գոլոլեան նախակրթարանի եւ Լափոյեան Երկրորդական Վարժարանին, որուն 44րդ վերամուտի զանգը հնչեց Երեքշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2022ին, առաւօտեան ժամը 9:00ին:

Հ.Օ.Մ.-ի Ամէնօրեայ Վարժարանը, իր 630 աշակերտներով եւ 70 անձնակազմով ու պաշտօնեաներով, Թորոնթոհայ միակ ամէնօրեայ կրթական հաստատութիւնն է, որ առաւելագոյն ճիգերով կը շարունակէ իրագործել հայապահպանման իր վեհ առաքելութիւնը:

Վարժարանի Ծիլ դասարանէն մինչեւ 12րդ կարգի աշակերտները, իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ, ուղղուեցան Սբ. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցան Թորոնթոհայ Եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներու եւ ներկայացուցիչներու, Վարժարանի տնօրէնութեան, Կրթական մարմինին եւ ծնողներուն կողմէ: Վերամուտի պաշտօնական արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հ.Յ.Դ. Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի, Հ.Յ.Դ. «Սողոմոն Թէհլիրեան» Կոմիտէի, Հ.Օ.Մ.-ի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի, Հ.Օ.Մ.-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան, Համազգայինի «Գլաձոր» Մասնաճիւղի, Հ.Մ.Ը.Մ. Թորոնթոյի, Հայ Երէցներու Ընկերակցութեան եւ Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները:

Սբ. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հայր Վարդան Ծ. Վարդապետ Թաշճեանի բարի գալուստի խօսքով եւ աղօթքով սկսաւ բացման արարողութիւնը:

Վարժարանի Կրթական Մարմինի ատենապետ՝ Վազրիկ Շարապխանեան ողջունեց աշակերտներու, ուսուցիչներու եւ ծնողներու գալուստը, եւ 2022-2023 ուսումնական 44րդ տարեշրջանը պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց: Ան յայտնեց որ վարժարանը տարուէ տարի վերելքի մէջ է, բան մը՝ որ կը պարտի անցեալի եւ ներկայ տնօրէններուն, ուսուցիչներուն, քարտուղարական կազմերուն եւ կրթական մարմիններուն, որոնք ճիգ չխնայեցին ու չեն խնայեր որ վարժարանը յաջողի ջամբել Գերազանց Ուսում, Տիպար Նկարագիր եւ Ազգային ու Հայկական Գիտակցութիւն, դպրոցական ապահով միջավայրի մը մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի բոլոր բարերարներուն եւ «Սողոմոն Թէհլիրեան» Կոմիտէութեան, Սբ. Աստուածածին Եկեղեցւոյ եւ ուղեկից միութիւններուն իրենց շարունակական անվերապահ աջակցութեան ու հոգատարութեան՝ կրթական այս օճախին վերելքին համար:

Ապա խօսք առաւ Տնօրէն՝ Րաֆֆի Սարգիսեան, որ յայտնեց թէ մեծ պատիւ է 18 ամսեայ հայ մանուկէն մինչեւ 18 տարեկան հայ երիտասարդին գուրգուրալ, դաստիարակել, հոգին ազնուացնել, հայկական շունչով սնուցանել եւ անոր ապագայի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու պատրաստել: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն որ վարժարանին կը պարգեւեն այդ հոգեպարար առիթը:  Սարգիսեան աւելցուց, որ վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչակազմը պատրաստ են ծառայելու աշակերտութեան: Աւարտին, ուժ եւ կորով մաղթեց ուսուցիչներուն եւ յարատեւ յաջողութիւն՝ աշակերտներուն:

Սբ. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հայր Վարդան Ծ. Վարդապետ Թաշճեանի եւ Հայ Կաթողիկէ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հայր Եղիա Ծայրագոյն Վարդապետ Գիրէջեանի սրտի խօսքերով եւ Տէրունական աղօթքով ու Պահպանիչով փակուեցաւ ՀՕՄի Ամէնօրեայ վարժարանի 44րդ վերամուտի արարողութիւնը, որմէ յետոյ աշակերտները ուսուցիչներուն առաջնորդութեամբ ուղղուեցան իրենց դասարանները՝ յաջողութիւններով լեցուն ուսումնական նոր տարեշրջան մը սկսելու համար:

Վերամուտի արարողութենէն մասեր կարելի է դիտել «Նոր Հայ Հորիզոն» Հեռուստաժամի YouTubeի էջով (HorizonTV Toronto):

Տնօրէնութիւն

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.