Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի Յայտարարութիւն
2486
0
Սիրելի Թորոնթոհայեր,
Գաղութիս անդամներուն ապահովութիւնը մեր առաջնահերթութիւնն է: Այս իմաստով պիտի դիմենք տարբեր միջոցներու ընդհանուր ապահովութիւնը պահելու համար:
ԿԵԴՐՈՆՆԵՐ
- Կիրակի, 15 Մարտ 2020ին, Հայ Կեդրոնը ՓԱԿ պիտի մնայ:
- Յառաջիկայ օրերուն, կը խնդրենք դադրեցնել Հայ եւ Հայ Երիտասարդական կեդրոն բոլոր ոչ-անհրաժեշտ այցելութիւնները:
- Զոյգ կեդրոններէն ներս, մաքրութիւնն ու հականեխումը պիտի դառնան աւելի յաճախակի:
- Կը խնդրենք որոշ հեռաւորութիւն ձգել իրարու միջեւ երբ կեդրոններէն ներս կը գտնուինք, ինչպէս ձեռնուիլ, փաթթուիլ, համբուրուիլ:
ՍԲ. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
- Եկեղեցին կիրակի օրերը փակ պիտի մնայ: Պատարագին եւ հոգեհանգիստի արարողութեան կրնաք մասնակցիլ այցելելով եկեղեցիի դիմատետրի էջը:
- Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հաճեցէք հեռաձայնել եկեղեցիի գրասենեակ՝ (416) 493-8122.
ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐ, ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ԿԱՄԶԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
- Բոլոր հաւաքնեը եւ ժողովները առկախուած են:
- Կը խնդրենք կապ հաստատել ձեր վարչութիւններուն հետ, ապագայ ծրագիրներու համար:
ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՀՈԳԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
- Եթէ անհանգիստ էք, կը խնդրենք որ տունը մնաք:
- Չվարակուելու ամէնալաւ ձեւը ձեռքերը լուալն է:’
- Ըստ Գանատայի Կառավարութեան, եթէ դուք կամ ձեր ընտանիքի ոեւէ անդամը Գանատայէն դուրս ճամբորդած է, մեծապէս յանձնարարելի է առնուազն 14 օր տունը մնալ:
- Եթէ COVID-19ի որեւէ ախտանշան ունիք (Տաքութիւն, հազ, շնչառութեան դժուարութիւն) հեռաձայնեցէք Telehealth Ontario՝ 1-866-797-0000 կամ ձեր բժիշկին:
- Եթէ ճամբորդութենէ վերադարձած էք կամ ախտանշաններ ցոյց կու տաք, նախքան ձեր այցելութիւնը որեւէ բժշկական գրասենեակ կամ կեդրոն, անպայման հեռաձայնեցէք որպէսզի յստակացնէք այցելութեան ձեր կարելիութիւնը:
- Երէց (60+) անդամները կամ անոնք որոնք առողջական յատուկ պարագաներ ունին (տկար դիմադրողականութիւն, սրտի եւ թոքերու տկարութիւն) ենթակայ են աւելի վտանգի:
- Այցելեցէք Public Health Ontarioի կայքէջը յաւելեալ տեղեկութիւններու համար:
Մնացէք ապահով եւ առողջ
Շնորհակալութիւն
Թորոնթոյի Հայ Կեդրոն