Թիֆլիսի Շամքորեցոց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին՝ անհետացման եզրին…
Հին Թիֆլիսի հայոց պատմական Շամքորեցոց (Շամխորեցոնց) Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին փլատակներու կը վերածուի… Վերջին շրջանին զանազան շրջանակներէ ահազանգեր հնչեցին եկեղեցիի փլուզման շուրջ, սակայն եկեղեցին հաւանաբար այլեւս հնարաւոր չըլլայ փրկել… ամէն օր կառոյցէն կ՚անհետանայ քար մը, աղիւս մը, կը փոշիանայ հայկական հնագոյն հոգեւոր այս կառոյցը, որ Հաւլաբար հայկական թաղամասին մէջ կանգուն է 18-րդ դարէն: Ժամանակին այս եկեղեցին եղած է Թիֆլիսի շուրջ 25 հայկական եկեղեցիներու մէջ ամենաբարձրը՝ մօտաւորապէս 40 մեթր, եւ անոր գմբէթի խաչը տեսանելի եղած է նոյնիսկ հեռուէն:
Երկար ժամանակէ ի վեր վրացիները խոշոր շինարարութիւն մը սկսած են հայկական եկեղեցիին շուրջ, եկեղեցիի՝ միակ կանգուն մնացած պատին կից արդէն շինած են պանդոկ, բնակելի շէնք, այլ կառոյցներու շինարարութիւն ալ ընթացքի մէջ է:
Պատմաբաններ, ազգագրագէտներ, հայկական համայնքի ներկայացուցիչներ, հոգեւոր իշխանութիւններ շատ անգամ բողոքած են մեծածաւալ շինարարութեան դէմ, սակայն զայն չէ դադրած… Վրաստանի հայ համայնքը միացեալ ուժերով նաեւ բողոքի արտայայտութիւններ կատարած է: Օրինակ, 2018 թուականին կիրակնօրեայ պատարագէ մը յետոյ Հաւլաբարի Էջմիածնի եկեղեցիի խումբ մը հաւատացեալներ խաղաղ երթով շարժած են դէպի Շամխորեցոնց եկեղեցի, եկեղեցւոյ պատի մօտ տեղի ունեցած է մոմավառութիւն ու աղօթք: Այսօր, սակայն այդ պատը նոյնպէս անմատչելի է, մէկ կողմէն պանդոկի պահակային սենեակն է, միւս կողմէն՝ պանդոկի մէկ այլ հատուած, իսկ պատի երկայնքով տնկուած եղեւնիները մեծցած են եւ կը գոցեն տեսարանը:
Անցեալ տարուան վերջին ալ եկեղեցւոյ շուրջ վրացերէնով պաստառ մը տեղադրուած է, որ կը ծանուցէ, թէ տարածքը կը վաճառուի: Ասիկա համայնքի անդամներուն հիմք կու տայ մտածելու, որ եկեղեցին մօտ ապագային հանրութեան համար անհասանելի կ՚ըլլայ արդէն ամբողջութեամբ: Վրաստանի հայ համայնքը վերջին ահազանգը հնչեցուցած է օրեր առաջ՝ ընկերային ցանցերու վրայ տարածելով եկեղեցւոյ ներկայիս պատկերը, նշած է, որ ամէն պարագայի տակաւին յոյս ունի, թէ եկեղեցին հնարաւոր կ՚ըլլայ ձեւով մը փրկել…
Հայկական եկեղեցին կը գտնուի Վրաստանի հաշուեկշռի մէջ, Վիրահայոց թեմին չի պատկանիր, թեմը ոչինչ կրնայ ընել եկեղեցին պահպանելու ուղղութեամբ, թէեւ հոգեւոր իշխանութիւնները նոյնպէս դիմած են նամակներով, խնդրանքներով… Ահազանգները, բողոքները, պահանջներն ու խնդրանքները հիմնականը Վրաստանի կառավարութեան ուղղուած են:
2009 թուականին վրացահայերը խնդրանքով դիմած են այն ժամանակուայ երկրի վարչապետին, որ եկեղեցին վերադարձուի Հայոց թեմին, 2012 թուականին եւ 2015 թուականին կրկին նոյն խնդրանքով դիմած են, սակայն արձագանգ չեն ստացած: Մշակութային յուշարձաններու վերականգնման հարցերով հայ-վրացական յանձնախումբը նոյնպէս քայլ չէ ձեռնարկած եկեղեցւոյ պահպանման ուղղութեամբ: Զարմանալի է, որ արեւմտեան արժէքներ որդեգրած վրացական կառավարութիւնը նման անտարբեր ու կոշտ վերաբերմունք ցուցաբերած է պատմա-մշակութային արժէքի հանդէպ: Մինչդեռ, քաղաքին մէջ ուրիշ պատմական կոթողներ առնուած են պահպանութեան տակ… Այս եկեղեցին նոյնպէս հին Թիֆլիսի խորհրդանիշներէն մէկն է, որ հարուստ պատմութիւն կ՚ամփոփէ:
Ծանօթ է, որ 18-էն 19-րդ դարերուն Թիֆլիսի մէջ բնակող հայերը եղած են ինչպէս բնիկ, այնպէս ալ՝ ուրիշ բնակավայրերէ զանազան պատճառներով հոն տեղափոխուածներ։ 18-րդ դարու երկրորդ կէսին Գանձակէն եւ յարակից բնակավայրերէն, Արցախէն, Արարատեան դաշտէն Թիֆլիս տեղափոխուցած են բազմաթիւ հայ ընտանիքներ: Անոնք հիմնականը բնակութիւն հաստատած են իրարու մօտ եւ հիմնած են այսպէս կոչուած համայնքներ, ինչպիսիք են՝ Շամխորեցիք, Էջմիածնեցիք եւ այլն։ Անոնց կառուցած եկեղեցիները, բնակութեան վայրերը սկսած են կոչուիլ իրենց ընդհանրական անուններով։ Այսպէս կը բացատրուի Թիֆլիսի Շամխորեցոնց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիի անուանումը, այսինքն՝ Շամքորէն եւ անոր մօտ բնակավայրերէն Թիֆլիս տեղափոխուած հայերու եկեղեցի։ Եկեղեցին Շամքորեցոց կը կոչուէր նախքան 18-րդ դարու հիմնովին վերակառուցումը։ Ժողովուրդը շատ սիրած է այս եկեղեցին եւ անոր տուած է նաեւ մէկ այլ անուն՝ Կարմիր Աւետարան. Կարմիր Աւետարանը նոյնպէս պատմութիւն մը ունի այս եկեղեցիին առընթեր:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը տարիներ առաջ հրատարակած է պատմաբան Արմէն Ասատրեանի «Հին Թիֆլիսի հայոց Շամքորեցոց Սուրբ Աստուածածին եւ Սուրբ Մինաս եկեղեցիները (պատմութիւն եւ տարեգրութիւն)» աշխատութիւնը: Այս գիրքը երկրորդն է Թիֆլիսի հայկական եկեղեցիներու պատմութեանը նուիրուած, եւ շարքը պիտի ամբողջանայ տասնհինգ հատորով:
Հեղինակը գիրքին մէջ կը նշէ, որ Հաւլաբարի կեդրոնը գտնուող Սուրբ Աստուածածինը համարուած է տեղի հայ համայնքի գլխաւոր եկեղեցին:
Եկեղեցին շրջապատուած է միայարկ բնակելի տուներով, ուր բնակած են Թիֆլիսի մէջ յայտնի կարգ մը ընտանիքներ, որոնց արմատները Շամքոր քաղաքէն էին (Թայիրեան, Տէր-Ղազարեան, Տէր-Ղուկասեան, Միրզախանեան, Իշխանեան, Յարութիւնեան եւ այլն): Հեղինակը կը գրէ, որ այդ ընտանիքները բազմաթիւ նուիրատուութիւններ կատարած են եւ յատկապէս մեծ ներդրում ունեցած եկեղեցիի նորոգութիւններու ժամանակ: Իսկ ամենամեծ աջակցութիւնը ցուցաբերած են Տէր-Ղազարեանները:
Արմէն Ասատրեանը նպատակ դրած է այս գիրքին միջոցով անգամ մը եւս ապացուցել, որ Շամքորեցոց Սուրբ Աստուածածին եւ Երեւանցոց Սուրբ Մինաս եկեղեցիները զուտ հայկական մշակութային յուշարձաններ են՝ անոնց մէջ գործունէութիւն ծաւալած հայ հոգեւորականներով: Այդ եկեղեցիները երբեք չեն պատկանած Վրաց եկեղեցիին: Սուրբ Մինաս եկեղեցին նոյնպէս չգործող է, փլած տանիքով, խեղդուած շինարարական հրապարակի մէջ եւ վէճերու առարկայ:
Գիրքի հեղինակ պատմաբանը անդրադարձած է նաեւ այդ եկեղեցիներուն մէջ սպասաւորութիւն բերած հոգեւորականներու կեանքին ու գործունէութեան:
Վերջին շրջանին Թիֆլիսի Շամխորեցոնց եկեղեցւոյ շուրջ ծաւալուած աղմուկի առթիւ հարկ է ուշագրաւ տեղեկութիւններ ներկայացնել Արմէն Ասատրեանի գիրքէն: Գիրքը հիմնուած է Մաշտոցեան Մատենադարանին եւ Հայաստանի Ազգային արխիւին մէջ պահպանուող բազմաթիւ չհրատարակուած վաւերագրերու, նախախորհրդային մամուլի նիւթերու, հին ու նոր լուսանկարներու եւ կարեւոր այլ փաստաթուղթերու վրայ:
***
Հաւլաբարի մէջ Շամքորեցոցը ոչ միայն կեդրոնական դիրք զբաղեցուցած է, այլեւ համարուած է տեղի հայ համայնքի գլխաւոր եկեղեցին: Այն սերտ կապի մէջ եղած է Հաւլաբարի միւս եկեղեցիներիի հետ եւ մանաւանդ՝ ամենամօտ գտնուող Էջմիածնեցոց Սուրբ Գէորգ եկեղեցիին, որ մինչեւ վերջերս Վիրահայոց թեմի առաջնորդանիստն էր: Առհասարակ Հաւլաբարի հայկական եկեղեցիները եղած են մէկը միւսէն գեղեցիկ շինութիւններ, որոնց տակաւին Սարգիս Արքեպիսկոպոս Ջալալեանցը անուանած է «փառաւոր եւ հոյակապ»:
***
Պատմական տեղեկութիւնները կը հաւաստեն, որ Գանձակի գաւառէն հայ բնակչութիւնը Հաւլաբար տեղափոխած է վրաց Հերակլ արքան:
Շամքորեցիներուն առաջնորդած է իրենց ծխատէր Ղազար Քահանայ Տէր-Ղազարեանը, որն ալ 1770-ական թուականներու կէսերուն, հասարակութեան աջակցութեամբ հիմնադրած է Շամքորեցոց եկեղեցին: Վրաց Էգնատի Իոսելիանիի գրառմամբ եկեղեցին կառուցուած է 1775 թուականին, յանուն Աստուածածնի, առանց գմբէթի եւ տախտակով ծածկուած:
Զայն 1809 թուականին հիմնովին վերանորոգուած է…
Վրաստանի մէջ խորհրդային կարգեր հաստատուելէ յետոյ, իշխանութիւնները հակակրօնական եւ անհանդուրժողական քաղաքականութեան արդիւնքին սկսած են փակել ու քանդել հայկական եկեղեցիները: 1934 թուականի փաստաթուղթերէն մէկուն մէջ նշուած է, որ Թիֆլիսի քանի մը եկեղեցիներ, այդ կարգին նաեւ Շամքորեցոցը, խորհրդային իշխանութիւններու կողմէ գրաւուած է:
Յետագայ տարիներուն եկեղեցիի շինութիւնը ծառայած է զանազան նպատակներու: 1970-ական թուականներուն Շամքորեցոց եկեղեցին գործածուած է որպէս պահեստ, իսկ 1980-ական թուականներուն՝ որպէս վրաց նկարիչներու արուեստանոց:
1989 թուականի ապրիլի 14-ին եկեղեցին կործանուած է, փլած է գմբէթը եւ պատերը աւերուելով՝ ստացած են վտանգաւոր ճաքեր: Վրաց իշխանութիւնները յայտարարած են, թէ եկեղեցին կործանուած է նախորդ օրը՝ ապրիլի 13-ին Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած 4 բալ ուժգնութեամբ երկրաշարժէն: Սակայն ականատեսներու վկայութիւնները հաստատած են, որ իշխանութիւնները եկեղեցին սկսած էին քանդել յատուկ նպատակով:
***
Շամքորեցոց եկեղեցիի գաւիթին մէջ գործած է արական ծխական դպրոց, որ Թիֆլիսի հնագոյններէն մէկն էր: Յայտնի է, որ դպրոցը 1845 թուականին հիմնած է եկեղեցիին սարկաւագը՝ Կարապետ Տէր-Գրիգորեանց։ Այն գործած է մինչեւ 1921 թուականը:
Զանազան տարիներու դպրոցին մէջ դասաւանդած են Գրիգոր Մատինեանց, Արշակ Դեմուրեանց, Պօղոս Հասան-Ջալալեանց, Միքայէլ Շալամեանց, Մելքոն Դանագյոզեան, Աշոտ Քահանայ Թեմուրազեան, Յարութիւն Սարկաւագ Ճուղուրեան եւ ուրիշներ:
***
Ըստ 1838 եւ 1840 թուականներու գոյքացուցակներու, Շամքորեցոց եկեղեցիին պատկանած է չորս ձեռագիր, որոնցմէ մէկը, որ անուանուած է Եղունց Աւետարան, գրուած է 1551 թուականին՝ Վայոց Ձորի Սրկղուն գիւղի Սուրբ Գէորգ եկեղեցիի մէջ, իսկ միւսը՝ 1657 թուականին՝ Փառիսոսի վանքը: Վերջինիս անուանումով ալ եկեղեցին երբեմն կոչուած է Կարմիր Աւետարան: Այդ կարմրակազմ ծիսական «Աւետարանը» դրուած էր եկեղեցւոյ Աւագ խորանին մէջ:
Մէկ ձեռագիր Յայսմաւուրք ալ եկեղեցիին նուիրած է հասարակութիւնը:
Մեծ արժէք ունեցած է նաեւ Սուրբ Կարապետի մասունքը, ինչ որ նուիրած է Սողոմոն Թայիրեանցը:
***
Կարգ մը քահանաներու Հայոց Հայրապետները կոնդակներ շնորհած են: 1852 թուականին աւագ քահանայութեան կոնդակ շնորհուած է Ղազար Քահանայ Տէր-Ղազարեանին, իսկ 1889 թուականին՝ Համազասպ Քահանայ Տէր-Յովհաննիսեանին, 1898 թուականին լանջախաչ կրելու եւ կամիլաւկա անուանուած թաւշեայ գլխարկ կրելու իրաւունքի կոնդակ շնորհուած է Շմաւոն Քահանայ Տէր-Բարսեղեանին:
***
2004 թուականին Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Վազգէն Եպիսկոպոս Միրզախանեան վրաց իշխանութիւններուն առաջարկած է եկեղեցիի աւերակները մասամբ պահպանելու նպատակով, նախ պարսպապատել եկեղեցին եւ յետագային կից կառուցել թեմի առաջնորդարան, սակայն մտայղացումը կանխուած է ու նախատեսուած տեղը արագօրէն կառուցուած է վրացական միջնակարգ դպրոց՝ «Մոմավալի» (Ապագայ) անուամբ:
2009 թուականի նոյեմբերի 20-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Կաթողիկոսին, տեղի ունեցած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողով, որու ընթացքին քննութեան առնուած է Վիրահայոց թեմի Մողնիի Սուրբ Գէորգ եկեղեցիի փլուզման խնդիրը: Միաժամանակ քննարկուած է նաեւ վրացական կողմէն վիճելի համարուող հայկական միւս հինգ եկեղեցիներու, որոնց կարգին է՝ Շամքորեցոցը, ճակատագիրը:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Մողնեցոց Սուրբ Գէորգ եկեղեցին մէկն էր այն հինգ եկեղեցիներէն, որոնք Վիրահայոց թեմին վերադարձնելու նպատակով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Վիրահայոց թեմի անունէն բազմաթիւ անպատասխան դիմումներ յղուած են Վրաստանի ղեկավարութեան, Վրաց պատրիարքարանին, միջազգային կազմակերպութիւններուն: Մողնեցոց Սուրբ Գէորգ եկեղեցին, ըստ Վիրահայոց թեմի մամլոյ դիւանի, Թիֆլիսի Նորաշէն, Շամքորեցոց Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Նշան, Երեւանցոց Սուրբ Մինաս եւ Ախալցխայի Սուրբ Նշան եկեղեցիներու հետ Վրաց պատրիարքարանի կողմէ հռչակուած է վիճելի, որով եւ կ՚արդարացուի ատոնք Վիրահայոց թեմին չվերադարձնելու մտադրութիւնը»:
Գերագույն հոգեւոր խորհուրդը կոչ ուղղած է Վրաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն եւ Վրաց Ուղղափառ եկեղեցոիին՝ անյապաղ քայլեր ձեռնարկել Վրաստանի հայոց թեմին իրաւաբանական անձի կարգավիճակ տրամադրելու, Վրաստանի մէջ հայկական եկեղեցիները Վիրահայոց թեմին վերադարձնելու՝ վիրահայութեան ազգային-եկեղեցական կեանքի բնականոն կազմակերպման եւ հայկական սրբավայրերու ապահով պահպանութեան համար:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Ժամանակ»
Comments are closed.