Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութիւնը կը դատապարտէ Հայաստանի կառավարութեան գործած ոստիկանական բռնութիւնը
2024թ Մայիս 28-ին Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութիւնը, որուն լիիրաւ անդամներէն է Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը՝ դատապարտելով Հայաստանի մէջ «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» շարժման նկատմամբ ոստիկանական բռնութիւնները:
Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութիւնը կը յայտնէ լրջագոյն մտահոգութիւն ինչ կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ ընթացող սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացին մասին, մասնաւորապէս Տաւուշի Մարզին մէջ: Ազրպէյճանը այս գործընթացքը կ’իրականացնէ ուժի սպառնալիքի պայմաններու մէջ, որուն հետեւանքով կը խաթարուի Հայաստանի Հանրապետութեան ինքիշխանութիւնը եւ օրինականութիւնը:
Հարկադրանքի տակ իրականացուող սահմանային փոփոխութիւները կը հակասեն ոչ միայն Հայաստանի օրէնքը այլ նաեւ Միջազգային օրինաչափութիւնը: Հայաստանը ըլլալով շրջափակուած երկիր, պէտք չէ պարտադրուի տարածքներ զիջելու եւ խաթարելու իր սեփական ազգային անվտանգութիւնը: Այսպիսի բռնաճնշումներ կը խրախուսեն միայն Ազրպէյճանին եւ կը նպաստեն Հայաստանի տկարացման, բազմապատկելով հնարաւորութիւնը հակամարտութեան վերանորոգման:
Հայաստանի հասարակութեան տարբեր շերտերը իրենց արդարացի բողոքը բարձրաձայնած են այս մասին եւ անոնք ամբողջութեամբ կը վայելեն մեր աջակցութիւնը:
Խստօրէն կը դատապարտենք իշխանութեան իրավապահ մարմիններու կողմէ ցուցարարներու նկատմամբ բիրտ եւ անհամաչափ ուժի կիրառումը: Կոչ կ’ընենք Հայաստանի իշխանութիւններուն յարգել իր քաղաքացիներուն ազատ խօսքի եւ անհամաձայնութիւն արտայայտելու մասին սահամանադրական իրաւունքը:
Կոչ կ’ընենք ՄԱԿ-ին, Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան եւ հակամարտութեան հանգուցալուծման համար շահագրգիռ բոլոր կողմերուն դատապարտելու Ազրպէյճանի գործուղութիւնները եւ ձեռնարկելու համապատասխան միջոցներ, ներառեալ պատժամիջոցներու կիրառում, պատասխանատուութեան ենթարկելու համար Ալիեւի բռնատիրական ռեժիմը անոր յարձակողապաշտ եւ ուժի սպառնալիքի անօրինական քաղաքականութիւններուն համար:
Կայուն եւ տեւական խաղաղութիւն կարելի է իրագործել միայն այն միջավայրին մէջ ուրկէ կը բացակային հարկադրանքն ու բռնութիւնը: Ը.Ե.Մ.Մ.-ը ջատագովն է արդար եւ իրավաբանօրէն հիմնաւորուած հանգուցալուծման, որ կը յարգէ Հայաստանի ինքիշխանութիւնը եւ միջազգային օրէնքը:
Comments are closed.