ԸԵՄՄ եւ ԵԵԸ կը պահանջեն բարեփոխուած քայլեր COP29-ի համար

Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութիւնը (ԸԵՄՄ) եւ Եւրոպայի Երիտասարդ Ընկերվարներու (ԵԵԸ) միութիւնը միասնական յայտարարութեամբ իրենց դիրքորոշումը կը յայտնեն Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցող ՄԱԿ-ի COP29 Կլինայի Համաժողովին մասին:
Յայտարարութեան նախաբանին մէջ կ’ըսուի՝

«Ծանր եւ անշրջելի կլիմայական ահազանգներուն դիմաց, շատ աւելի բարձր է անգործութեան գինը՝ քան մեղմացման եւ պատշաճեցման ծախսերը: COP29-ը պէտք է ապահովէ այն առիթը, փոխելու այս ուղղութիւնը իսկ միջազգային հանրութեան եւ յատկապէս Երկրագունդի Հիւսիսային երկիրներուն, պարտաւորեցնէ իրականացնելու այն նշանակալից, բայց անհրաժեշտ ներդրումները:

Որպէս ընկերվար գործիչներ՝ մենք խիստ կողմնակից ենք բարեփոխումներու եւ COP-ի հիւրընկալութեան ընտրութեան գործընթացի վերանայման: Մեծապէս անյարիր է, երբ կ’արտօնուի նաւթային պետութեան մը, որ վերջերս պատասխանատուն է նաւթի եւ գազի շահոյթներով ֆինանսաւորուած դաժան ցեղային զտումներու, նաեւ հիմնովին ընդլայնած ըլլալով իր հանածոյ վառելիքի արտադրութիւնը, հիւրընկալել այս կարեւոր կլիմայի համաժողովը: Այս որոշումը կը խաթարէ ամբողջ գործընթացի վարկանիշն ու անաչառութիւնը: Հանածոյ վառելիքը կը կազմէ Ազրպէյճանի ընդհանուր արտահանումներուն 90% կը կազմէ: Այս շահերը պիտի խոցեն COP29-ը, ուր մեծ թիւով բարձրաստիճան նաւթի եւ գազի գործադիրներ կազմակերպող յանձնաժողովին անդամ են»:

Յայտարարութիւնը կը շեշտէ կլիմայի նպաստող նիւթական յատկացումներու աճի անհրաժեշտութիւնը , եւ խիստ մտահոգութիւն կը յայտնէ բնածխային շուկայի վրայ գերազանց կախուածութեան մասին, որպէս հիմնական միջոց կլիմայի խնդրի լուծման: Կը նշուի որ Կլիմայի խնդիրը ուղղիղ հետեւանքն է դրամատիրութեան, ուստի նման դրուածք ունեցող երկիրներ, ըլլալով հանդերծ բարձր արտահանումներ արձանագրողներ, կը խուսափին բնածխային արտանետումներու գին սահմանելէ:

Ապա յայտարարութիւնը կը շարունակուի մանրամասն բացայայտելով Ազրպէյճանի մարդկային իրաւանց ոճիրները եւ ներկայացնելով շարք մը պահանջներ:

«Կը հրաւիրենք ուշադրութիւնը արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պահպանման անհրաժեշտութեան վրայ: IUSY-ն եւ YES-ը մտահոգութիւն կը յայտնեն COP-ը Ազրպէյճանի մէջ հիւրընկալուելու որոշման շուրջ. երկիր մը, ուր հանածոյ վառելիքը, ռազմականացումը եւ մենատիրութիւնը խորապէս փոխկապակցուած են:

Նախքան 120,000 հայերու բռնի տեղահանումը իրենց նախնիներու հողերէն, 2022 թուականի Դեկտեմբերին, Ալիեւի կառավարութիւնը սկսաւ Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) դէմ մարդասիրական եւ կենսուժի շրջափակում, որ ստեղծեց ջրային աւազանի բնապահպանական ճգնաժամ, որպէս հետեւանք շրջանի հիմնական ջրամբարի եւ ջրաելեկտրակայանի խափանման: Ակնյայտ է, որ Ազրպէյճանը պիտի շահագործէ այս աղէտը եւ պիտի կործանէ տեղական միջավայրը՝ ոճիրներ գործելու նպատակով:

Ազրպէյճանը սաստկացուցած է քննադատող ձայներու հետապնդումը COP-ին նախորդող ժամանակահատուածին՝ ձերբակալելով բացայայտօրէն ընդդիմացող գործիչներ, քաղաքական գործիչներ եւ գիտնականներ: Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայ բնակչութեան բռնի տեղահանութեան ժամանակ, Ալիեւի ուժերը առեւանգեցին եւ անօրինական կերպով բանտարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութեան 8 ներկայ եւ նախկին անդամներ:
IUSY-ն եւ YES-ը կը պահանջեն, որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը անմիջապէս ազատ արձակէ բոլոր քաղաքական բանտարկեալները (լրագրողներ, գործիչներ եւ քաղաքական ընդդիմադիրներ), ինչպէս նաեւ բոլոր հայ ռազմագերիները, քաղաքացիական առեւանգուածները եւ պատանդները:
Ատոր կողքին, պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուի իր պատերազմական յանցագործութիւններուն եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններուն պատմական ցուցանիշներուն համար, յատկապէս՝ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան ամբողջական ցեղային զտումը գործադրելու համար:

Մենք հաւատարիմ կը մնանք մեր քաղաքականութեան, որ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ ժողովուրդներու ինքնորոշման եւ հայ բնակչութեան հաւաքական վերադարձի իրաւունքին՝ իրենց հայրենիք Լեռնային Ղարաբաղ: Առաւելաբար, մենք կոչ կ’ուղղենք Ազրպէյճանին, որ վերջ տայ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ ոտնձգութիւններուն եւ նպաստէ երկարատեւ եւ կայուն խաղաղութիւն հաստատման տարածաշրջանէն ներս»:

Յայտարարութիւնը իր աւարտին կը հասնի խօսքը ուղղելով Եւրոպական Միութեան երկիրներուն՝ «Ազրպէյճանը վերջերս ստանձնեց 2027թ.-ին կրկնապատկել հանածոյ վառելիքի արտահանումը դէպի Եւրոպա: Մենք կը պահանջենք, որ ԵՄ-ն եւ իր անդամ պետութիւնները զանց առնեն Ազրպէյճանական հանածոյ վառելիքները՝ յարգելով կլիմայի պաշտպանութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ խաղաղապահութեան շաղկապուած սկզբունքները»:

Նշենք, որ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը կը հանդիսանայ զոյգ միութիւններու լիիրաւ անդամ:

Comments are closed.