Զեկուցական Հաւաք՝ «Ջաւախքը այսօր»
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան «Ջաւախքը այսօր» զեկուցական հաւաքը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 12 Դետեմբեր , երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Մոնթրեալի Հայ կեդրոնի Աւետիս Ահարոնեան սրահէն ներս:
Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ ընկերուհի Լուսին Փալանճեան ողջունեց ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան, Հ.Յ.Դ. Կ.Կ-ի , ՀՕՄ-ի Գանատայի Սօսէ եւ Շուշի մասնաճիւղերու վարչութեանց, Հ.Յ.Դ. Միհրան Փափազեան եւ Սարգիս Զէյթլեան կոմիտէներու ներկայացուցիչները: Ապա ներկայացնելէ ետք կենսագրականը օրուան պատգամաբեր ՀՕՄ-ի Ջաւախքի հիմնադրամի ներկայացուցիչ՝ ընկեր Իվան Արտհալճեանի զինք բեմ հրաւիրեց:
Դասախօս Իվան Արտհալճեան իր խօսքին մէջ շեշտեց ՀՕՄ-ի Ջաւախքի հիմնադրամի եւ Ջաւախքի հայութիւնը իր հողին վրայ պահելու կարեւորութիւնը եւ պարզեց այդ նպատակով գործադրուած աշխատանքները: Ինչպէս օրինակ, գործազրկութիւնը յաղթահարելու նպատակով գործի առիթներու ստեղծումը, որը կ՝օգնէ արտագաղթի կասեցման եւ տնտեսական ու ընկերային հարցերու լուծման:
Զեկուցաբերը անդրադարձաւ Ախալքալաքի, Ախալցխայի եւ Նինոցդմինտայի երիտասարդական կեդրոններու կարեւորութեան եւ անոնց ներկայ եւ ապագայ գործունէութեանց մասին:
Պրն.Արտհալճեան աւելցուց, որ Թումոյի եւ ՀՕՄ-ի համագործակցութեամբ այսօր Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնէն ներս երիտասարդներուն մշակութային մարզերու մէջ զարգացման եւ այժմէական փորձառութիւններ ստանալու առիթներու ստեղծուած են:
Դասախօսը անդրադարձաւ նաեւ Ջաւախքի հայութեան պահպանողական նկարագրին մասին, հանդէպ իրենց կենցաղին եւ սովորութիւններուն:
Դասախօսութեան աւարտին ընկերուհի Լ. Փալանճեան շնորհակալութիւն յայտնեց զեկուցաբերին շհեկան ներկայացման համար: