Եւգինէ Եփրեմեան-Տը Կրէֆֆի Սարդարապատի քանդակի բացման հանդիսութիւնը

Գրիգոր Շահինեանի խմբագրութեամբ եւ իր շուրջ խմբուած ընդհանրապէս երիտասարդ անհատներէ կեանք առած «Ահեկանի» յաջորդող  «Նաւասարդ 66»-ին մէջ,տասնեակ տարիներ առաջ, կարդացեր էինք Գ. Գասպարեանի ստորագրութեամբ «Լիբանանահայ Արուեստագէտներ» յօդուածը, ուր հեղինակը կ՚անդրադառնար Լիբանանի հայ արուեստագէտներու մասին  յիշելով Զաւէն Խըտըշեանի, Փոլ Կիրակոսեանի, Ասատուր Պզտիկեանի, Եւգինէ Եփրեմեամի եւ այլ յայտնի արուեստագէտներու անունները: Շարունակելով իր գրութիւնը, յօդուածագիրը կը գրէր. «Սփիւռքը, հակառակ բաւական թիւով նկարիչներ տուած ըլլալուն, ժլատ գտնուած է արձանագործութեան կալուածին մէջ» ու կ՚աւելցնէր «պատկերը նոյնն է նաեւ Լիբանանի մէջ, ուր առայժմ գոնէ, Խըտըշեանէն եւ Ե. Եփրէմեանէն զատ չունինք որակաւոր արձանագործ արուեստագէտներ:

***

Օթթաուայի Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունէն առաքուած հրաւէր մը իրապէս կը ջերմացնէ իմ հոգին ու մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ: Արդարեւ հրաւէրը կը տեղեկացնէր, որ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանատան մէջ, Մայիս 6, 2022-ին, բացումը պիտի կատարուէր Մոնթրէալաբնակ քանդակագործ արուեստագիտուհի Եւգինէ Եփրեմեան-Տը Կրէֆֆի Ստեղծագործած եւ դեսպանատան նուիրած «Սարդարապատ» քանդակին: Այս ուրախ առիթով Եւգինէն, ինչպէս նաեւ Դեսպանատունը, հրաւէրներ ուղարկած էին  արուեստագէտնէրու, ինչպէս նաեւ հայ եւ օտար բարեկամներու:

Շատ մեծ է Լիազօր եւ Արտակարգ Դեսպանուհի   Անահիտ Յարութիւնեանի խանդավարութիւնը, սիրալիր ընդունելութեան  ընթացքին կ’ընդունի հեռուէն ու մօտէն ժամանած հիւրերը: Ան մեծ գովեստով կը խօսի  արուեստագիտուհիին մասին, ու կը նշէ, որ Սարդարապատ քանդակի բացման հանդիսութիւնը, թագաժահրի  պատճառով երկու տարուայ յապաղումով տեղի կ՚ունենայ: Մեծ է նաեւ ուրախութիւնը Եւգինէին. Արդարեւ, ան Սարդարապատի ոգին իր ճարտար մատներով կերտած ու ահա այժմ շրջապատուած հարազատներով ու բարեկամներով կը նուիրէր ՀՀ Դեսպանատան:

Քիչ վերջ Դեսպանուհիի օգնութեամբ եւ ծափողջոյներու տարափին տակ վար կը քաշուի սպիտակ շղարշը ու կ՚երեւի բարձր պատուանդանի  վրայ վեհաշուքօրէն բազմած Սարդարապատի յաղթանակի քանդակը: Յուզում ուրախութիւն հիացում միաձուլուած են:

Շնորհաւորական ջերմ խօսքեր կ՚արտասանէ Դեսպանուհին, կ’անդրադառնայ  Սարդարապատի հերոսամարտի ոգիին մասին, որմէ ետք Եւգինէն յուզուած կը յայտնէ իր սրտագին շնորհակալութիւնները եւ կը պատմէ, թէ տարիներ առաջ երբ Փարիզ կը բնակէր, առաջին անգամ հայկական ռատիոժամէն լսած էր Սարդարապատի ճակատամարտին նուիրուած  երգը: Արուստագիտուհին կը շարունակէ ըսելով «այնքան տպաւորուած էի, հետաքրքրուեցայ եւ աւելի մօտէն ծանօթացայ Սարդարապատի պատմական ու հերոսական իրողութեան եւ այսպէս երեք տարի վերջ հայաշատ եւ հայաշունչ Մոնթրէալի մէջ իրականացաւ արձանի ծրագիրը եւ այսօր ահա ան կը գտնէ իր հարազատ տունը:

Նաւասարդ 66-ի մէջ նշուած Գ. Գասպարեանի գուշակութիւնը շատ ճիշդ էր: Եւգինէն իրապէս տաղանդաւոր ու ճարտար արձանագործ մը դարձած է: Լիբանանի Ecole des Beaux Arts աւարտելէ ետք արուեստագիտուհին  կը մեկնի Փարիզ եւ կը հետեւի արձանագործութեան դասընթացքներու՝ ուսուցիչներ ունենալով հռչակաւոր արձանագործներ ինչպէս Գութիւրիէ եւ Գոլամարինի:

Արուեստագիտուհիին գործերը, տասնեակ տարիներէ ի վեր  զանազան երկիրներու հռչակաւոր թանգարաններու մէջ կը ցուցադրուին եւ կը վայելեն  մեծ յաջողութիւն: ՀՀ անկախութեան 20-ամեակի առթիւ նախկին Սփիւռքի Նախարար տիկ. Հրանուշ Յակոբեանի յատուկ հրաւէրով Եւգինէն կը մասնակցի Երեւանի Համահայկական Կերպարուեստի Ցուցահանդէսին: Այս առթիւ Եւգինէն այդ օրերուն գործող  Սփիւռքի nախարարութեան կը նուիրէ  «Ալիքի վրայ» իր ստեղծագործութիւնը:

Լայնատարած է Եւգինէի արուեստի վաստակը: Տարբեր երկիրներու մէջ ան ունեցած է անհատական եւ խմբային ցուցահանդէսներ:   Փարիզի Rodin-ի թանգարանին մէջ Biennale-ի ցուցադրութեան ան հրաւիրուած է իր մասնակցութիւնը բերելու։ Իր գործերը ցուցադրուած են նաեւ Le grand Palais եւ  Le Musee de Luxembourg-ի մէջ. ան կերտած է նաեւ Մոն Ռուալի նախկին քաղաքապետ Ռեճինալտ Տաուսոնի կիսադրին, որ կը շարունակէ յատուկ տեղ  գրաւել Մոն-Ռուալի հանրային գրադարանէն ներս։ Ան նաեւ կերտած է Կոմիտասի, Դոկտ. Պաղճեանի, խմբավար Ափրիկեանի եւ այլ հռչակաւոր անհատներու կիսանդրիները կամ հայկական գրականութենէն ներշնչուած արձաններ ինչպէս Վարուժանի «Հացին երգը» ներկայացնող գործը:

***

Ժամերը կը յառաջանային, ներկաները կը վայելէին հաւաքի հայաշունչ եւ ուրախ մթնոլորտը։ Բարձր պատուանդանի մը վրայ զետեղուած Սարդարապատի քանդակը կը հսկէր շրջապատը ու վեհօրէն սլացող արձանը կը յիշեցնէր մեր յաղթանակները, մեր ժողովուրդի ու հերոսներու աներեւակայելի սխրանքները ու մեզ կը ներշնչէր ու կը յուշեր, որ «երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»:

                                                                                       Տիրուկ Մանճիկեան 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.