Երուսաղէմի Քաղաքապետը Այցելած Է Հայոց Պատրիարքարան

Յունուար 16-ին Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով Երուսաղէմի քաղաքապետ Նիր Պարկատը այցելած է Հայոց Պատրիարքարան եւ հանդիպում ունեցած Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք ամենապատիւ Տէր Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանի հետ:

Հանդիպման ընթացքին քաղաքապետը տեղեկացած է Հայոց Պատրիարքի մտահոգութիւններու եւ ապագայ ծրագիրներու մասին: Սրբազան Հայրը խօսած է Սուրբ Փրկիչ եւ Սուրբ Յակոբ եկեղեցիներու գմբէթներու նորոգութեան, Կարապետ Եպիսկոպոսի արտի վրայ յարկաբաժին կառուցելու, Փիլիպպոսի աղբիւրի հայկական հողի վրայ բացօթեայ խորան կառուցելու, դէպի Ակեղդամա տարին մէկ անգամ ուխտագնացութիւն կազմակերպելու եւ  շարք մը այլ հարցերու շուրջ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.