Երեւոյթներ, Փաստեր, Յուշումներ
Վերջին օրերուն Սուրիոյ մէջ արձանագրուած ռազմական իրադարձութիւններուն հիմնական շարժառիթներն ու պատճառահետեւանքային գնահատականներ տալը վաղաժամ է տակաւին։ Իրադարձութիւնները որոշ տեղեր իրար կը հակասեն եւ քաղաքական տրամաբանութեամբ եզրայանգումներ կատարելը կը դժուարացնեն։ Կը թուի սակայն, որ քաղաքական համալիրի մը մէկ մասնաշէնքին կառուցումն է, որ կ՛արձանագրուի, որուն յաջորդող գործողութիւնները տակաւին պարզ չեն։
Ի՞նչ երեւոյթներ եւ փաստեր կարելի է արձանագրել օրերու վրայ երկարող այս իրադարձութիւններէն մեկնած։
Նախ անշուշտ այն, որ Լիբանանի մէջ հազիւ հրադադարը հաստատուած, կը ձեռնարկուէր Հալէպի ուղղութեամբ գրոհին։ Լիբանան-Սուրիա Դիմադրութեան ցանցային կապի չէզոքացումը, տարբեր ճանապարհներու վերահսկողութեան տակ առնուիլը եւ նոր սպառազինութիւններու արգելակումը յայտնապէս ելակէտ են այս գործողութիւններու սանձազերծման։
Սակայն միայն Դիմադրութեան գործօնի չէզոքացումով չի սահմանափակուիր դէպի Հալէպ արագակշռոյթ այս ընթացքը։ Նոյնքան պարզ է, որ ընդհանրապէս գործող վարչակարգի վերակայացման, նախորդ տարիներուն ապստամբներուն եւ զինեալ խմբաւորումներուն յառաջխաղացքի կասեցման մէջ հիմնական դեր ունէին Դիմադրութիւնն ու ռուսական ուժերը։
Ռուսիոյ ներգրաւուածութիւնը ուքրանական պատերազմին եւ այնտեղ ռազմական գործողութիւններու սաստկացումը, միւս կողմէ՝ լիբանանեան Դիմադրութեան դէմ սանձազերծուած պատերազմն ու դէպի Սուրիա եւ անկէ Լիբանան կապի վերահսկողութեան տակ առնուիլը շարժառիթային ենթահողի կարեւորագոյն տուեալներն են։
Հալէպը առաջադրուած էր յատկապէս Թուրքիայէն սնուող ահաբեկչական եւ ընդհանրապէս զինեալ ուժերուն կողմէ, որոնք Թուրքիոյ սահմանամերձ տարածքներու վրայ վերահսկողութիւն հաստատելու պատերազմը կը մղէին։
Ապստամբներու արագակշռոյթ յառաջանալը Համայի մէջ կը թուի կասեցուած ըլլալ։ Նոյն պաշտպանողականութիւնը չէ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ Հալէպի դարպասներուն առջեւ, եւ այն, ինչ որ դրսեւորուեցաւ Համայի մէջ։ Եւ այստեղ միայն տեղական ուժերը չեն, որ կացութիւն կը ստեղծեն եւ կը կասեցնեն ընթացքը։ Ռուսական զինուժը իր դերը վերստին ունեցած է յայտնապէս դէպի Դամասկոս ուղղուող այս արշաւի կասեցումին մէջ։
Վերջին շրջանին Անգարան ամէն առիթի կը խօսէր միջնախագահական հանդիպումի մասին։ Դամասկոսը կը մերժէր եւ տարբեր ըսելաձեւերով կը հաստատէր, որ չկայ յարաբերութիւններու վերաբնականոնացում Թուրքիոյ հետ, այնքան ատեն որ թրքական զօրքերը կը շարունակեն մնալ սուրիական տարածքներու վրայ։ Հալէպի արշաւանքը սուրիական նախապայմանը շրջանցելով ի վերջոյ երկխօսութեան սեղանի նախապատրաստութեան կրնայ առաջնորդել։
Պարզ է նոյնքան, որ սուրիական վեթոն Թուրքիոյ հետ բանակցելու չէր կրնար ձեւաւորուած ըլլալ առանց Մոսկուայի։ Մոսկուան մէկ կողմէ Թուրքիոյ հետ կը փորձէր ճշդել ռազմաքաղաքական ժամացոյցի սլաքները, միւս կողմէ կը զօրակցէր Դամասկոսի նախապայմանին։
Հալէպի վերահսկողութեան տակ առնուիլը միայն յանկարծակիութեան գործօնով չի բացատրուիր։ Բացի Դիմադրութեան դիրքերու վերափոխումէն կար նաեւ ռուսական գործօնի բացակայութիւնը։ Գրեթէ անարգել մուտքը ապստամբներուն Հալէպ այս մասին մտածել կու տայ։
Տակաւին կայ անշուշտ քրտական գործօնի յարաբերակցութեան խնդիրը։ Ի վերջոյ քրտական գործօնը կը շարունակէ մնալ Թուրքիոյ համար անվտանգային առաջին խնդիրը, եւ անոր դիմակայման համար Անգարայի առաջադրած անվտանգութեան գօտին ցանկալի աշխարհագրութեամբ չէ ստեղծուած տակաւին։
Հարցականներ ստեղծող երեւոյթներ են մէկ կողմէ Սուրիոյ վարչակարգին դէմ անհաշտ պատերազմ յայտարարած Թուրքիայէն սնուող զինեալներուն գործողութիւնները եւ միւս կողմէ անոնց հետեւանքով քրտական ուժերուն Հալէպի օդակայանին տիրանալը։ Այստեղ կը նշմարուի Թուրքիա-Իսրայէլ հակասութեան զուտ յայտարարողականութիւնը։
Իսրայէլ կը զօրակցի քիւրտերուն, Թուրքիոյ առաջադրանքները իրականացնողներու գործողութիւնները կը յանգին քրտական խմբակցութիւններու նպաստաւորումին։
Դժուար է տակաւին հաստատելը, որ Սուրիոյ մէջ արձանագրուող այս գործողութիւնները շղթայական տեսութեամբ կը հասնի՞ն Դամասկոս, թէ՞ ազդեցութեան գօտիներու վերաձեւաւորումի կը յանգին։ Առ այժմ երկրորդ հաւանակնութիւնն է, որ կը գրանցուի, որ յամենայն դէպս հիւսիս-հարաւ առանցքի ջլատման նպաստող գործողութիւններով կը թարգմանուի։
Իրադրութիւնները կը յիշեցնեն Հարաւային Կովկասի մէջ պատահածները՝ Անգարայի Կովկաս մուտքի, ռուսական ուժերու Արցախէն հեռացման եւ Իրանի սահմաններուն իսրայէլեան յենակէտերու տեղակայման տեսքերով։
«Ազդակ»
Comments are closed.