Երեսփոխան ժիրայր Րէիսեան Սուրիոյ Աղեքսանտրէթի Թուրքիոյ բռնակցման 83-ամեակին առիթով կը պահանջէ չբաւարարուիլ միայն դատապարտումի խօսքերով
Սուրիոյ Աղեքսանտրէթի վարչատարածքի Թուրքիոյ բռնակցման 83-ամեակին առիթով, Սուրիոյ Խորհրդարանի 7-րդ շրջանին 25-րդ նիստին ընթացքին երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան խօսք առնելով ըսաւ. «Օրին Սուրիան բռնագրաւած ֆրանսական ուժերը Աղեքսանտրէթը թուրքերուն յանձնելով խախտեցին միջազգային օրէնքն ու գրաւման պայմանագիրը, որուն 4-րդ յօդուածին համաձայն գրաւող պետութիւնը պարտաւոր է յարգել գրաւած երկրին միասնակամութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը»։
Ան յայտնեց, թէ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը երբեք չէ փոխուած, յատկապէս օսմանացիներուն ժառանգորդ ղեկավարներուն կեցուածքները՝ տարածաշրջանի կարգ մը երկիրներուն դէմ։ Փաստերը յայտնի են՝ Սուրիոյ գերիշխանութեան խախտումէն, թրքական ուժերուն հիւսիսային Սուրիա ներխուժումէն, ժողովուրդը բռնի թրքացնելու փորձերէն ու անոր դէմ ի գործդրուած ոճրային արարքներէն սկսեալ, հասնելով մինչեւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն աջակցութիւնը, սուրիական քարիւղային հարստութեան թալանը եւ այլն։
Րէիսեան աւելցուց. «Պահանջս է, չբաւարարուիլ դատապարտումի խօսքեր արտասանելով, այլ այս դատը արծարծել յարակից եւ բարեկամ պետութիւններու խորհրդարաններէն ներս եւ մեր խորհրդարանին միջոցաւ կոչ ուղղել միջազգային ընկերութեան՝ թրքական ոտնձգութիւնները կանխելու եւ Աղեքսանտրէթի սուրիացի քաղաքացիներուն իրաւունքները պաշտպանելու։ Կ՚առաջարկեմ չբաւարարուիլ բռնագրաւման ամեակները յիշելով, այլ ողջ աշխարհին իմացնել եւ յիշեցնել տեւաբար այս բոլորը՝ մինչեւ մեր իրաւունքներուն վերադարձը»։