Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Հայ Գերիները Ազատ Արձակելու Կոչ Ըրաւ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդը (The World Council of Churches, WCC) յայտարարութեան մը միջոցով հրաւիրեց «բարի կամքի տէր բոլոր մարդոց»՝ 10 Նոյեմբերին Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք  COP29 կլիմայի խորհրդաժողովի բացման նախօրէին՝ միանալու Հայաստանի համար աղօթքի օրուան: WCC-ը պիտի կազմակերպէ տեղական աղօթքի արարողութիւն մը Ժընեւի Սուրբ Փիեռ տաճարին մէջ՝ հայ համայնքին հետ գործակցութեամբ:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, թէ Սեպտեմբերէն Հոկտեմբեր 2020ին, Արցախի Հանրապետութեան դէմ յարձակումը, որուն յաջորդեց Լաչինի միջանցքին՝ տասը ամիս տեւողութեամբ շրջափակումը եւ Սեպտեմբեր 2023ին, շուրջ 120,000 հայերու բռնի տեղահանութիւնը իրենց պապենական հողերէն, կը շարունակէ մտահոգիչ ըլլալ:

Խորհուրդը կ՛ընդգծէ, որ COP29-ը բացառիկ կարելիութիւն է՝ պահանջելու 23 հայ պատանդներուն, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ բանտարկուած մնացող ատրպէյճանցի քաղաքական բանտարկեալներու եւ լրագրողներու անվերապահ ազատ արձակումը:

Նշենք, որ Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. կաթողիկոսները կոչ ըրին՝ միանալու WCC-ի աղօթքին։

Comments are closed.