«Եթէ Շրջանի Որեւէ Անկիւնը Միջադէպ Տեղի Ունենայ, Եւ Մեր Շահերը Վտանգուին, Մենք Չէզոք Պիտի Չմնանք». Զօր. Սալմանի
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ցամաքային զօրքերը երկրի հիւսիսարեւմտեան սահմանային շրջաններուն մէջ ռազմափորձերու 3-րդ օրուան ընթացքին ուղղաթիռներով եւ անկարգելով թռիչք կատարած են: «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ գործողութիւնները կատարուած են «Միլ Մի-17» ուղղաթիռներով:
Ազրպէյճանի հետ սահմանին վրայ կատարուող ռազմափորձերուն մասնակիցները նաեւ գրաւած են պայմանական հակառակորդի կողմէ վերահսկուող ճամբաներն ու բարձունքները: Երկուշաբթի օր սկսած ռազմափորձերու ընթացքին Յեղափոխական պահակագունդի ուժերը առաջին անգամ ըլլալով փորձարկած են գետերու վրայ փոնթոնային կամուրջներու (նաւակներով կազմուած ծփացող կամուրջներ, «Ա.») տեղադրումը` զօրքերու եւ ինքնաշարժներու տեղաշարժի համար:
Ռազմափորձերու լոյսին տակ Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար, զօր. Հիւսէյն Սալամէ դրացի պետութիւններուն յիշեցուցած է, որ Իրան հաւատարիմ կը մնայ բարեկամութեան եւ եղբայրութեան քաղաքականութեան, քանի տակաւին թշնամիներու կողմէ իր դէմ դաւադրութիւն չկայ:
«Մեզի հետ ճիշդ համագործակցող որեւէ երկրի եւ ուժի հետ եղբայր ենք: Մեր դրացիներուն կոչ կ՛ուղղենք` իրենց խնդիրները լուծելու համագործակցութեան եւ ոչ թէ զինուորական մօտեցումներու միջոցով: Մենք այս շրջանին մէջ շահեր ունինք, ուստի, եթէ շրջանի որեւէ անկիւնը միջադէպ տեղի ունենայ, եւ մեր շահերը վտանգուին, ապա մենք չէզոք պիտի չմնանք եւ պիտի պաշտպանենք մեր շահերը», ըսած է զօրավարը:
Յիշեցնենք, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան, խօսելով Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ տագնապին մասին, ընդգծած էր, որ Իրանը պիտի չարտօնէ Հայաստանի հետ իր կապի ճամբու փակումը:
«Իրան պիտի չարտօնէ փակել Հայաստանի հետ իր հաղորդակցութեան ուղին, եւ այդ նպատակին հասնելու համար Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը նաեւ այդ շրջանին մէջ ռազմափորձերու սկսաւ»: