Դոկտ. Ժան Կէօքճեանի նոր գիրքը՝ «Սուրիոյ մէջ ռուսական զինուորական միջամտութիւնը»
Գանատայի «Մըքկիլ» համալսարանի «Քուինզ Եունիվըրսիթի» հրատարակչատունը հրատարակեց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի դասախօսներէն դոկտ. Ժան Կէօքճեանի «Սուրիոյ մէջ ռուսական զինուորական միջամտութիւնը» գիրքը:
Նիք Ռապինսըն «Սիկըր Թայմզ»-ի մէջ գիրքին հակիրճ գրախօսականը կատարելով` կը նշէ, որ Կէօքճեան իր գիրքին մէջ կը յայտնէ, թէ Սուրիոյ մէջ միջամտելու Ռուսիոյ նպատակը իր «գերտէրութիւն» մը ըլլալու կարգավիճակը հաստատելն է:
«Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի` Կասպից ծովու մէջ գտնուող նաւերէ դէպի Սուրիա թեւաւոր հրթիռներ արձակելուն պատճառներէն մէկը ռուսական զինուորական ուժի հեռահասութիւնը ցուցադրելն էր», կը գրէ Կէօքճեան:
Մինչ Միացեալ Նահանգներ վերջին տարիներուն Միջին Արեւելքի մէջ իրենց զինուորական ներկայութիւնը կրճատեցին, «ստեղծուած բացը լեցուցին Ռուսիան եւ Իրանը` տարածաշրջանին մէջ նոր տէրերը», կ՛եզրակացնէ Կէօքճեան: