«Դէպի Նոր Մայիս 28, Դէպի Նոր Սարդարապատ» կարգախօսով Թորոնթոհայութիւնը կը զօրակցի Բագրատ Սրբազանի Թեկնածութեան

Կիրակի 26 մայիսին, Հայաստանի Անկախութեան 106-ամեակին առիթով, Թորոնթոհայութիւնը խմբուած էր Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին առջեւ, տօնելու անկախութիւնը եւ միաժամանակ զօրակցութիւն յայտնելու «Սրբազան Պայքար»ին:

Արդարեւ Սբ. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ օրհնուեցաւ եռագոյնը որուն յաջորդեց ՀՄԸՄ Թորոնթոյի սկաուտներուն եւ փողերախումբի տողանցքը ու ապա՝ դրօշակի արարողութիւնը: Ծածանող դրօշակին ներքոյ սկսաւ յայտագիրը:

Խօսք առաւ մասնաճիւղի խմբապետ Տարօն Տէրտէրեանը որ հակիրճ անդրադարձ մը կատարեց հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութեանց մասին, շնորհաւորեց բոլորը անկախութեան տօնին եւ ՀՄԸՄի հիմնադրութեան զոյգ առիթներով:

Ապա ՀՅԴ Սողոմոն Թեհլիրեան կոմիտէին խօսքը փոխանցեց Բալիկ Ճապախջուրեան: Դիմելով «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման զորակցող բազմութեան, Ճապախճուրեան ըսաւ. «Այսօր, Հայաստանի Հանրապետութեան հրապարակէն յայտարարուեցաւ Բագրատ Սրբազանի անունը՝ որպէս Վարչապետի թեկնածու: Յաջորդող քանի մը օրերը ճակատագրական են հայրենիքին համար: Մտահո՞գ ենք, բնականաբար: Լիայո՞յս ենք, վստահաբար:

«Բայց այսօր, կը նշենք Հայաստանի Անկախութեան 106րդ տարեդարձը: Անոր առընթեր՝ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան` ՀՄԸՄի հիմնադրութեան 106-ամեակը, ինչպէս նաեւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան հիմնադրութեան 96-ամեակը:

«Այդպէս ալ պէտք է ըլլայ, որովհետեւ մեծ է ու գերգնահատելի՝ 106-ամեայ ՀՄԸՄ-ին ունեցած դերակատարութիւնը` ոչ միայն սկաուտական եւ մարմնակրթութեան կռուան ըլլալու ծիրէն ներս, այլ նաեւ 106 տարի շարունակ հայապահպանումի եւ հայ անհատի ֆիզիքական եւ բարոյական դաստիարակութիւն ջամբելու, եռագոյն դրօշն ու հայրենիքի սէրը եւ ամէն գնով ազգային դիմագիծն ու ինքնութիւնը պահպանելու իրերայաջորդ սերունդներուն հոգիներուն մէջ: Իսկ սփիւռքի մէջ, Համազգայինի առաքելութիւնը հայակերտման բնագաւառէն ներս կարելի չէ բառերով բացատրել: Վարժարաններ, հիմնարկներ, պարախումբեր, երգչախումբեր, թատերախումբեր, երաժշտանոցներ եւ այլ բազմաբնոյթ ծրագիրներ 96 տարի շարունակ վարելն ու արդիականացնելը միայն զոհողութիւն կ’ենթադրէ:

«Արդ, յուզումնախառն եւ հպարտալի երեւոյթ է տօնել մեր պետականութեան եւ այս երկու հսկայ կազմակերպութիւններու տարեդարձները, թէկուզ ծանրագոյն պայմաններու մէջ:

«106 տարի առաջ արիւնով ձեռք բերուած եւ մեզի ժառանգ մնացած փոքրիկ Հայաստանը, Արամ Մանուկեանի եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնած պետականութիւնը, այսօր գոյութենական սպառնալիքի տակ է: Իսկ մեր արեամբ ազատագրուած Արցախը՝ յանձնուած է թշնամիին, հայրենատիրութիւն կատարելու անկարող, քաղաքականապէս բոպիկ, ապազգային իշխանութեանց կողմէ: Սիւնիքէն ետք՝ Տաւուշը ցանկին վրայ յաջորդն էր: Եւ այդ ցանկը երկար կը թուի ըլլալ:

«Մինչ 1918ի մայիսեան հերոսամարտերը եւ Առաջին հանրապետութեան օրերու Լեռնահայաստանի ինքնապաշտպանութիւնը կասեցուցին եւ ձախողցուցին փանքթրքական դարերու ծրագիրը՝ Թուրքիա-Նախիջեւան-Սիւնիք-Ազրպէյճան-Կեդրոնական Ասիա ցամաքային կապի իրականացումը, հայրենի այսօրուան մանկլավիկներու իշխանութեան գլուխ գալը ամէնայարմար առիթն էր այս ծրագիրը վերակենդանացնելու: Արցախը Ազրպէյճանի յանձնելու Երեւանի իշխանութեանց արկածախնդրութիւնը՝ սպառնալիք ստե՛ծեց Տաւուշին եւ Սիւնիքին:

«Ճգնաժամային է վիճակը եւ ճգնաժամային պայմաններու յաղթահարումը հաւաքական ճիգ կը պահանջէ: Եւ ահա այս հրամայականէն մեկնած է, որ սկսաւ Տաւուշը յանուն հայրենիքի սրբազան շարժումը:

«Պէ՛տք է կասեցնել այս վայրէջքը:

«Ա՛յս է Մայիսեան Խորհուրդը:

«Քաջ գիտակցելով, որ Դաշնակցութիւնը կերտեց Մայիս 28ը, ՄԵ՛ՆՔ կերտեցինք Մայիս 28ը, ուրեմն այդ Մայիս 28ով ունեցած մեր այսօրուան հայրենիքին հանդէպ ունինք կարեւոր եւ ամբողջական պատասխանատուութիւն: Իսկ այսօրուան առաջնահերթութիւնն ու հրամայականն է՝ ներքին թշնամին ընդմիշտ չէզոքացնելը։

«Անկախութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեան մայիսեան օրերուն նոյնպէս կը դիմագրաւէր ներքին թշնամին։ Հայութեան ճակատագրին տէր Մանուկեան Արամը, ամենայն պատասխանատուութեամբ կարգի հրաւիրեց եւ պատուհասեց սայթաքողներն ու անկախութեան երթը խոչընդոտող բոլոր ներքին թշնամիները։

«Սիրելիներ,

1) Հայաստանի անկախութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ իքնիշխանութիւնը վտանգուած են:

2) Երկրին ու պետութեան գլխաւոր երաշխաւորը`բանակը, որուն հիմերը կ՚երկարին մինչեւ առաջին հանրապետութեան օրերը, իրողապէս մատնուած է թողլքուած է:

3) Արցախի պաշտպանութեան հարցը դուրս մնացած է քաղաքական օրակարգէ …

«Հայրենիք ու անկախ պետականութիւն ունենալու մեր իրաւունքին տէր դարձած ենք պայքարով եւ մեր նուաճածը պիտի պահենք նոյնպէս վճռական պայքարով ու աներեր:

«Կը մնայ, որ մտահան չընենք պատգամը, թէ մինակ ենք, ուրեմն նաեւ` միասնական, բռնցքուած:

«28 Մայիս 1918ին անկարելին դարձաւ կարելի:

«28 մայիս 1918ին հրաշք էր որ կատարուեցաւ:

«28 մայիս 2024ի հրաշքը կը սպասենք:

«Եւ Հրաշքը կը կատարուի երբ հաւատացող կայ:

«Հրաշք կը կատարուի երբ միասնականութիւն կայ:

«Ուրեմն թող 28 մայիս 2024ին դարձեալ անկարելին դառնայ կարելի:

«Կը կարծեմ որ արդէն այդ ուղիին վրան ենք՝ Սրբազան պայքարով:

Օ՛ն բոլորս դէպի «Վարդահեղեղ Արշալոյս»:

«Զանգե՛ր ղօղանջէք»:

Եկեղեցի զանգերու ղօղանջին հետ փողերախումբը նուագեց Սարդարապատը որուն ընկերակացեցաւ բազմութիւնը՝ երգով:

Խօսք առաւ Հայր Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Թաշճեանը: Ան կարեւորեց եկեղեցւոյ դերը մեր ազգային կեանքին մէջ, վեր առաւ բարոյական արժէքներ ու ազգերը ազատ կամքի դրսեւորումի իրաւունքները:

Յայտագիրը փակուեցաւ Կիլիկիայի երգեցողութեամբ:

 

Comments are closed.