Դաւիթ Իշխանեան ընտրուած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորներու նախաձեռնութեամբ, Օգոստոս 7-ին գումարուած է ԱՀ ԱԺ արտահերթ նստաշրջան՝ ԱՀ ԱԺ նախագահի ընտրութեան օրակարգով։

ԱՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Գագիկ Բաղունցը շնորհակալութիւն յայտնած է Արթուր Թովմասեանին՝ խորհրդարանական աշխոյժ գործունէութեան, վերջին տարիներուն Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնի բերումով կատարած աշխատանքներուն համար։

ԱՀ ԱԺ նախագահի թափուր պաշտօնին համար «Ազատ հայրենիք-ՔՄԴ» խմբակցութեան կողմէ առաջադրուած էր «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեանի թեկնածութիւնը։

Հիմնաւորելով առաջադրուած թեկնածութիւնը՝ ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան կարեւորութեամբ նշած է Դաւիթ Իշխանեանի անցած մարտական ու քաղաքական ուղին։

«Ազատ հայրենիք-ՔՄԴ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Յարութիւնեան ներկայացուցած է թեկնածուին կենսագրական տուեալները։

Ելոյթ ունենալով ներկաներուն դիմաց՝ Դաւիթ Իշխանեան շնորհակալութիւն յայտնած է այս վճռորոշ պահուն պատասխանատու պաշտօնը իրեն վստահեուլուն համար։

«Պայքարի ոգին այսօր թեւածում է Արցախում: Արցախում բնակուող իւրաքանչիւր անհատ՝ դպրոցական մանուկից մինչեւ զառամեալ ծերունի, դիմադրութիւն ցուցաբերելով թշնամու օրէցօր սաստկացող ճնշումներին, կարողանում է պահպանել իր քոյրերի եւ եղբայրների, հայրերի եւ պապերի կերտած պետութիւնը», իր խօսքին մէջ նշած է Դաւիթ Իշխանեան՝ աւելցնելով, որ պէտք չէ հրաշքներու սպասել, քանի որ առանց մեր մասնակցութեան հրաշքներ տեղի պիտի չունենան։

Թեկնածութեան առաջադրման մասին մտքեր փոխանակած են ԱՀ ԱԺ բոլոր խմբակցութիւնները։ Կայացած գաղտնի քուէարկութեան արդիւնքով 22 կողմ, 9 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ ԱՀ ԱԺ նախագահ ընտրուած Դաւիթ Իշխանեան։

Comments are closed.