Դաւիթ Իշխանեան. «Եթէ Պիտի Առաջնորդուին 1920-ականներու Քարտէսներով, Ապա Արցախը Պէտք Է Ցամաքային Կապ Ունենայ Հայաստանի Հետ»

Եթէ սահմանագծման եւ սահմանազատման աշխատանքներուն մէջ պիտի առաջնորդուին 1920-ականներու քարտէսներով, ապա Արցախը պէտք է ցամաքային կապ ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ` «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Դաւիթ Իշխանեանը:

Դաւիթ Իշխանեան յիշեցուց, որ ռուսական կողմը, ի դէմս Ռուսիոյ նախագահին, վերջերս տեսակէտ ներկայացուց, որ իրենց ձեռքի տակ կայ 1920-ական թուականներու քարտէսները եւ, հաւանաբար, պիտի առաջնորդուին այդ քարտէսներով:

«Ես, օրինակ, ձեռքիս տակ ունիմ 1920, 1928, այնուհետեւ 1936 թուականներու քարտէսները, որոնք կը պատկերեն Խորհրդային Միութեան առաջին Սահմանադրութեան ընդունումէն ետք Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի` նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ սահմանները, սահմաններու սեղմումը, Կարմիր Քիւրտիստանի ստեղծումը® եթէ պիտի առաջնորդուին այդ քարտէսներով, ապա ակնյայտօրէն մենք պիտի ունենանք մեր ցամաքային կապը Հայաստանի Հանրապետութեան հետ», ըսաւ Դաւիթ Իշխանեանը:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.