Դաշնակցութիւնը ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովն է
3156
0
Սովորական կամ ընթացիկ հասկացողութեամբ կուսակցական համագումար մը չէ Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր Ժողովը։ Անոր օրակարգը, քննութեան դաշտը եւ որոշումներու բնագաւառները այնքան ընդարձակ են որքան ընդարձակ են հայրենիքն ու սփիւռքը։ Անոնք այնքան տարածուն են որքան տարածուն են համայն հայութեան պետական եւ գաղութային կառոյցները։ Անոնք այնքան համապարփակ են որքան համապարփակ են մեր հայրենական եւ սփիւռքեան ազգային կեանքի պահանջները։
Այս բոլոր առումներով, Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր Ժողովը, ամբողջական Հայաստանին եւ ամբողջական հայութեան առնչուող համընդհանուր օրակարգերը քննող, համընդհանուր լուծումներ որոնող եւ աշխատանքային համընդհանուր ուղեգիծ ճշդող Դաշնակցութեան գերագոյն համագումարն է։ Անոր օրակարգի բոլոր կէտերը համարժէք եւ համանշանակ են։ Ան չէ ու չէ եղած մասնակի հարցեր քննող եւ մասնակի լուծումներու յանգող դաշնակցական հաւաք, ինչպէս կը փորձեն պատկերացնել որոշ թերամիտ մարդիկ, որոնց մօտ կը պակսի այս դաշնակցական ժողովի էութիւնը խորաչափելու կարողութիւնը։
Իբրեւ կուսակցութիւն, դաշնակցական մարմինները եւ անդամները ունին իրենց կազմակերպական սեփական օրակարգերը եւ աշխատանքները։ Անոնք կը մտածեն, կը ծրագրեն ու կը գործեն Դաշնակցութեան գաղափարական կեդրոնացումի եւ կազմակերպական ապակեդրոնացումի երկաթեայ սկզբունքով։
Այդ նպատակին համար Դաշնակցութեան կառոյցներէն ներս խօսքի եւ մտածումի ազատութիւնը հիմնական սկզբունքներ են իւրաքանչիւր դաշնակցականի համար: Դաշնակցութեան գաղափարական կեդրոնացումը ռազմավարական առաջնահերթ ուղեցոյցն է իւրաքանչիւր շարքայինի եւ Դաշնակցական մարմնի համար, իսկ կազմակերպական ապակեդրոնացեալ դրութիւնը կ՛ապահովէ որոշումներու գործադրութեան մարտավարական թոյլտուութիւնը բոլոր միաւորներու համար: Ուստի, իր ղեկավարման մէջ Դաշնակցութիւնը մենատիրութեան ձգտումներ չի թոյլատրեր՝ շնորհիւ իր դաւանած գաղափարական հիմունքներուն եւ իր կիրարկած կանոնագրային ժողովրդավար ենթահողին: Դաշնակցական մարմինները գործադիրներն են որդեգրուած որոշումներուն եւ ուղղութեանց, սակայն անոնք ստորադաս եւ համարատու են զիրենք ընտրող ժողովներուն: Իսկ դաշնակցական ժողովները դարբնոցն են դաշնակցականներու կամքին ու վճիռին, որոնց պէտք է ենթարկուին դաշնակցական շարքայինն ու մարմինը:
Անշուշտ այս բոլորը կը պարզեն Դաշնակցութիւն կուսակցութեան հանգամանքը։ Սակայն անոնք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը չեն։ Եւ «ո՞րն է Դաշնակցութիւնը,» ինչպէս կը հարցադրէ Նիկոլ Աղբալեան եւ կու տայ անոր պատասխանն ու բացատրութիւնը.-
«… բայց ո՞րն է Դաշնակցութիւնը, ոչ թէ կուսակցութիւնը, այլ Դաշնակցութիւնն իր էութեան մէջ։ Բոլոր հին ու նոր ընկերները, բոլոր հին ու նոր մարմիններն իրենց գործերով միասին կազմում են մեր կուսակցութիւնը։ …
Այստեղ մտնում են թէ՛ մեր Ծրագիրը, թէ՛ մեր Կանոնագիրը, թէ՛ մեր որոշումները։ Բայց ո՞րն է սրանցից Դաշնակցութիւնը. արդեօք այս կամ այն Կեդրոնական Կոմիտէն կամ Շրջանային ժողո՞վը։ Այս մարմիններն ու ժողովները դաշնակցական գործ են կատարում, բայց զատ զատ կամ միասին առած Դաշնակցութիւն չեն, թէեւ կուսակցութիւնն են։ Դաշնակցութիւնը կուսակցութեան Ընդհանուր Ժողովն է» (Նիկոլ Աղբալեան, «Մտածումներ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Մասին»):
Հարցադրումը չի վերաբերիր Դաշնակցութեան կուսակցութիւն ըլլալու փաստին ու հանգամանքին, որոնք կը դրսեւորուին իր Ծրագիրով, Կանոնագիրով, պատմութեամբ, նահատակներով, հերոսներով, իրագործումներով, ձախողութիւններով, որոշումներով եւ մարմիններով: Հարցադրումը կը վերաբերի Դաշնակցութեան էութեան:
Աղբալեանի պատասխանը յստակ է, ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎՆ Է:
Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր Ժողովը Դաշնակցութիւնն է, որովհետեւ հոն կը խտանան, կը բիւրեղանան եւ կը հաստատուին բոլոր դաշնակցականներու եւ դաշնակցական մարմիններու միտքերը, որոշումները, վճիռները եւ կամքը:
ա. Ընդհանուր Ժողովի որոշումներն ու վճիռներն են միայն, որոնք կը ճանչցուին իբրեւ Դաշնակցական: Անոնք պարտադիր են բոլոր շարքայիններուն, մարմիններուն եւ ժողովներուն: Որեւէ ստորադաս ժողով կամ մարմին կրնայ բիւրաւոր որոշումներ կայացնել, սակայն անոնք Դաշնակցական կը ճանչցուին այն չափով որ չեն հակասեր Ընդհանուր Ժողովի որոշումներուն:
բ. Անհատ կուսակցականները կամ մարմինները կրնան բիւրաւոր գործեր ծրագրել եւ գործադրել: Սակայն անոնք Դաշնակցական գործ եւ յղացում չեն համարուիր եթէ կը հակասեն Ընդհանուր Ժողովի գծած ուղղութեան, որոշումներուն եւ աւանդութեանց:
գ. Միայն Ընդհանուր Ժողովն է, որ հիմք ունենալով բոլոր դաշնակցականներու առաջադրանքները, կը մշակէ, կը կազմէ ու կը հաստատէ Հ.Յ.Դ. Ծրագիրն ու Կանոնագիրը, որոնք պարտադիր կը դառնան բոլոր դաշնակցականներուն, դաշնակցական ժողովներուն եւ մարմիններուն: Որեւէ այլ ժողով, մարմին կամ շրջան չի կրնար իր սեփական ծրագիրն ու կանոնագիրը ունենալ, եթէ անոնք կը հակասեն Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր Ժողովի որդեգրած ծրագրային ու կանոնագրային սկզբունքներուն:
դ. Ամէն դաշնակցականի, դաշնակցական մարմինի եւ ժողովի ընթացքը պէտք է համընկնի ու համապատասխանէ Ընդհանուր Ժողովի ճշդած ուղղութեան: Իսկ Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովը իր ընթացքը կ՛որոշէ ազատ եւ անկախ: Իր այս որոշումին մէջ, «Նա յենւում է իր անդամների իմացական կարողութեան եւ փորձառութեան, լսում է բոլոր շրջանների ու մարմինների կարծիքն ու տրամադրութիւնը, նկատի ունի ամէնքի պահանջն ու դիտողութիւնը, բայց ենթակայ չէ նրանց»: (Աղբալեան, նոյն)
ե. Բոլոր դաշնակցականները եւ մարմինները պատասխանատու են իրենց գերադաս մարմիններուն եւ ժողովներուն: Սակայն, «միմիայն Ընդհանուր ժողովն է, որ պատասխանատու չէ ոչ ոքի առջեւ: Նրա դատաւորը հայոց պատմութիւնն է, մինչդեռ մարմինների եւ ընկերների գերագոյն դատաւորը Ընդհանուր ժողովն է:» (Աղբալեան, նոյն):
Արդ, Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր Ժողովը «բուն իսկ Դաշնակցութիւնն է, նրա միտքն ու կամքը: Նա Դաշնակցութիւնն է իր ներկայ կազմով եւ անցեալ պատմութեամբ:» Այս գերագոյն ժողովին ներկայ են ոչ միայն բոլոր դաշնակցականները, այլեւ հոն կը շնչեն Դաշնակցութեան «հազարաւոր հերոսների եւ նահատակների յիշատակը»: (Աղբալեան, նոյն)
Երբ աւարտած է Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովը, անոր վճիռները վերջնական են ու անառարկելի՝ հետեւող քառամեակին համար, այսինքն՝ մինչեւ յաջորդ Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր Ժողովը: Անոր աւարտին կը դադրին «բոլոր ինքնասիրութիւններն ու յաւակնութիւնները»: (Աղբալեան, նոյն)
Առ այդ, կը սկսի դաշնակցական գործի նոր հանգրուան՝ իրագործելու համար Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր Ժողովի որոշումները, վճիռները եւ գծած վարքագիծը, որոնք կը հանդիսանան բոլոր դաշնակցականներուն կամքն ու պարտաւորութիւնը:
Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր Ժողովը բուն իսկ Դաշնակցութիւնն է, որովհետեւ ան կ՛իմաստաւորէ ու կը հաստատէ Դաշնակցութեան գոյութիւնը՝ ի սպաս Հայաստանի ու Հայութեան դատին, որոնք պատուանդանը կը կազմեն Դաշնակցութեան գաղափարական նպատակներուն եւ գործնական աշխատանքներուն: Եւ ինչպէս Ռուբէն Տէր Մինասեան կը բացատրէ («ՀՅԴ Կազմակերպութիւնը») այդ գոյութեան չորս անփոփոխելի հիմքերն են.
1) Հայութեան պահպանում
2) Հայաստանը՝ հայութեան
3) Ուժ եւ կազմակերպութիւն
4) Արդար աշխատանք
Մեկնելով այդ չորս հիմքերէն, յաջորդական եւ գալիք Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր ժողովները կը շարունակեն որոշել ու գործել դաշնակցական կազմակերպութեամբ կերտելու հայութեան ուժը՝ ամբողջական Հայաստանի եւ ամբողջական հայութեան համար: Այդ ճանապարհի ծրագրումին եւ գործադրումին մէջ Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովը կ՛առաջնորդուի եռագոյն դրօշով, որուն վրայ գրուած է «Լեռնային Ղարաբաղ, Նախիջեւան, Ախալքալաք՝ մէկ կողմէ եւ Տաճկահայաստանի գաւառներ՝ միւս կողմէ, որոնք պիտի միացուին բուն հայրենիքին» (Ռուբէն Տէր Մինասեան, նոյն):