3 ապրիլին Կլենտէյլի «Ալեքս» թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ օրուան 131-ամեակի ոգեկոչման արարողութիւն, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին նախաձեռնութեամբ:
Յայտագիրը սկսաւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն կողմէ կատարուած դրօշակի արարողութեամբ եւ քայլերգներով: Ցուցադրուեցան ՀՅԴ-ի պատմութենէն դրուագներ` կուսակցութեան հիմնադրութեան օրերէն մինչ ներկայ օրերը, յատկապէս լուսարձակի տակ առնելով հայրենի պետականութեան ստեղծման եւ ամրակայման առումով Դաշնակցութեան ունեցած դերակատարութիւնը:
Օրուան հանդիսավարը` Տիգրան Սասունեան, ողջունեց ներկաները եւ ընդհանուր կերպով լուսարձակի տակ առաւ Դաշնակցութեան անցեալի եւ ներկայի մարտահրաւէրները` հաստատելով, որ ոչ մէկ ուժ կրնայ կասեցնել Հ3Դ-ի ընթացքը:
Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչ Փրենի Ալավերդեան անգլերէնով արտասանեց երիտասարդութեան խօսքը:
ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը արտասանեց կոմիտէի անդամ Խաչիկ Թազեան: Բացատրելով Հայաստանի ու հայաշխարհի վերջին երկու տարիներու անցուդարձները եւ մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները` ան ըսաւ. «Այսօր կու գանք հաստատելու, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերը չեն կրնար զլանալ մաս կազմելու այն պայքարին, որ անգամ մը եւս պարտադրուած է հայ ժողովուրդին: Մենք այսօր կու գանք մարտահրաւէրը ընդունելու եւ հռչակելու վերանորոգ պայքարի վճռակամութիւն, ընդլայնուած դաշտ, արագացուած թափ եւ յաւելեալ կազմակերպուածութիւն: Ժամն է հասած միասնականութեան ու մերժելու բոլոր այն փորձերը եւ դաւադրութիւնները, որոնք կը միտին տկարացնել մեր կամքը, մեր վճռակամութիւնը եւ կարողականութիւնը»:
Տեսաուղերձներով ներկաներուն իրենց պատգամները յղեցին` ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի ներկայացուցիչ Արշակ Մեսրոպեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան:
ՀՅԴ-ի նուիրուած տօնակատարութեան հիմնական պատգամաբերն էր Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան դաշնակցական պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան, որ նախ լուսարձակի տակ առաւ ամերիկահայ գաղութի դերակատարութեան եւ կշիռին` Հայ դատի աշխատանքներուն, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու դատապարտման, Հայաստանի եւ Արցախի ամրապնդման մէջ, շեշտելով, որ գաղութի կազմաւորման ու գոյատեւման մէջ մեծ եղած է ՀՅԴ-ին դերը:
Ապա Արթուր Խաչատրեան ընդհանուր գիծերու մէջ խօսեցաւ Դաշնակցութեան ծնունդին, անոր հետապնդած նպատակներուն, գաղափարախօսութեան, հայութեան կեանքին մէջ ունեցած վճռորոշ դերակատարութեան, Հայաստանի ու Արցախի մէջ ծաւալած աշխատանքներուն` դիտել տալով, որ, նոյնիսկ 44-օրեայ պատերազմէն ետք, երբ յուսահատութիւնը համատարած էր, Դաշնակցութիւնը կոչ ուղղեց ժողովուրդին` չհամակերպելու պարտութեան, այլ` լծուելու պայքարի: Խաչատրեան մանրամասն կերպով անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ 44-օրեայ պատերազմին, անկէ ետք եւ ներկայիս ստեղծուած կացութեան, ՀՅԴ-ի կեցուածքներուն, մտահոգութիւններուն եւ յառաջիկայի աշխատանքներու ընդհանուր պատկերին:
«Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնները կանգնած են գոյութենական խնդրի առաջ: Իրենց անհեռատես, ձախող եւ անփառունակ քաղաքականութեան արդիւնքում վտանգուած են հայոց երկու պետականութիւնների գոյութիւնը: Հայաստանի քաղաքական օրակարգում չկայ իշխանութեան հարց, կայ հայոց պետականութեան գոյութեան հարց, Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւնների փրկութեան հարց», շեշտեց Արթուր Խաչատրեան` դիտել տալով, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ընդունեցին թրքական պահանջները, իսկ թուրքն ու ազերին մէկ հոգի են երկու մարմիններու մէջ, այդ պատճառով ալ Թուրքիան իր պահանջներուն մէջ կը ներառէ ազրպէյճանականները:
«Առանց նախապայմանների Թուրքիայի հետ սահմանի բացմանը դէմ չենք: Սակայն սահմանների բացումն ու դիւանագիտական յարաբերութիւնների հաստատումը մի բան է, Թուրքիայի հետ յարաբերութիւնների «ամբողջական կարգաւորումը», ինչպէս իրենք են ասում, այլ: Այդ չակերտեալ կարգաւորումը չի կարող լինել մեր պատմական անօտարելի եւ անժամանցելի իրաւունքների հաշուին: Նոյնիսկ եթէ այսօր հայ ժողովուրդը չի կարող վերականգնել իր իրաւունքները, ոչ ոք այս իշխանութիւններին իրաւունք չի տուել դրանցից հրաժարուել, գալիք սերունդներին զրկել մեր իրաւունքների իրացման հնարաւորութիւնից: ® Այսօրուայ իշխանութիւնը փաստօրէն ձեռքերը լուացել է Արցախից, չի իրականացնում Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորի իր յանձնառութիւնը: Աւելի՛ն. փորձում է իր պարտականութիւնը դնել այլոց ուսերին:
«Եւ ուրեմն ի՞նչ անել: Ինչպէս վերն արդէն նշել եմ, պարտութիւնը յաւերժացնելու ամենակարճ ճանապարհը պարտութեան հետ համակերպուելն է: Մենք իրաւունք չունենք համակերպուել Արցախի տարածքի զգալի կորստի հետ: Ընդհակառակը, պարտաւոր ենք ամէն ջանք թափել Արցախի խոցուած, վիրաւոր, բայց կանգուն հանրապետութեան հետ յարաբերութիւններն ամրապնդելու համար` հաստատելով, վերահաստատելով եւ հզօրացնելով Արցախի հետ քաղաքական, տնտեսական, մշակութային կապերը: Այսօր, աւելի քան երբեւէ, Արցախն ունի մեր բոլորի կարիքը: Պետք է բանակը հզօրացնել, պէտք է աշխուժացնել դիւանագիտական աշխատանքներն Արցախի միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ: Այստեղ ես կը ցանկանայի իմ կոչն ուղղել Միացեալ Նահանգների` որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահ երկրի իշխանութիւններին: «Ես հասկանում եմ, որ այսօր շատ դժուար է վերսկսել Մինսքի Խմբի աշխատանքները: Ազրպէյճանն ամէն կերպ խոչընդոտում է ձեզ, ՌԴ եւ Արեւմուտքի միջեւ սրուած յարաբերութիւնները չեն նպաստում ընդհատուած առաքելութեան վերսկսմանը, սակայն յիշեցնեմ, որ Մինսքի խումբը գոյութիւն ունի եւ պէտք է իրականացնի իր առաքելութիւնը: Պէտք է յստակ գիտակցել, որպէսզի Արցախի հարցի լուծումը լինի յարատեւ եւ կայուն, այն պէտք է լինի արդար: Արդարութիւնն է խնդրի լուծման բանալին: Իսկ արդարութիւնը պահանջում է, որ յարգուի Արցախի ժողովրդի ազատ ինքնորոշուելու եւ սեփական ճակատագիրը տնօրինելու իրաւունքը:
«Սակայն, որպէսզի փոխուի պարտուողական քաղաքականութիւնը, պէտք է փոխուեն պարտուողական քաղաքականութիւն իրականացնողները: Եւս մէկ անգամ եմ շեշտում. սա իշխանութեան համար պայքար չէ, սա ազգի գոյութեան պայքար է: Չլինի Արցախը, չի լինի Հայաստանը, քանի որ որքանով Հայաստանն է Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորը, նոյնքան էլ Արցախն է Հայաստանի անվտանգութեան երաշխաւորը: Եթէ չլինեն Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւնները, քանի՞ սերունդ է անհրաժեշտ, որպէսզի սփիւռքի հայութիւնը կորցնի իր հայկականութիւնը: Ես հասկանում եմ, որ բոլորիս համար ծանր պահ է: Շուշիի ազատագրումը յոյս էր ներշնչել, որ մի օր կ՛ազատագրուեն Վանն ու Կարսը, Մուշն ու Պիթլիսի: Բայց մենք հիասթափուելու իրաւունք չունենք: Մենք պէտք է պաշտպանենք Արցախը, հզօրացնենք հայրենիքը ու կերտենք ԱԶԱՏ, ԱՆԿԱԽ եւ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆ», հաստատեց օրուան պատգամաբերը:
Ձեռնարկին վերջին պաշտօնական խօսքը արտասանեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան, որ շեշտեց, թէ այսօր ազգովին կը գտնուինք ճակատագրական մեծ վտանգի մը առջեւ, ուր մեր դարաւոր թշնամին կը փորձէ, կը սպառնայ բոլորիս հայրենիքին գոյութեան` օգտուելով աշխարհաքաղաքական ու տարածաշրջանային իրերու դասաւորումէն եւ Հայաստանի իշխանութեան պարտուողական քաղաքականութենէն:
«Օրհասական այս պահուն մենք իրաւունք չունինք կքած մնալու 44-օրեայ պատերազմի ներքին ու արտաքին ուժերուն կողմէ մեր ուսերուն բեռցուած պարտութեան տակ եւ պարտաւոր ենք համազգային դիմադրութեամբ կասեցնելու այս գահավէժ ընթացքը, մերժելու մեր ազգի ու հայրենիքի անժամանցելի իրաւունքներու հաշուոյն իբր թէ խաղաղութեան դարաշրջան բանալու զազրախօսութիւնը: Մեզ առաջնորդողը պիտի ըլլայ այս կամ այն աւազակապետի ձեռքով գծուած քարտէսները պատռելու քրիստափորեան կամքը», հաստատեց ան:
Ապա Բիւրոյի անդամը լուսարձակի տակ առաւ 131-ամեայ կուսակցութեան դերակատարութիւնը` շեշտելով, թէ անիկա եղաւ առաջինը, որ հնչեցուց ազգին ու հայրենիքին սպառնացող վտանգին մասին, որ` իր լոյս անդամներու արեան գնով առաջինը շտապեց հայրենիքի սահմաններու աննահանջ պաշտպանութեան, որ` այսօր եւս պայքարի առաջին գիծերուն վրայ կանգնած` համազգային դիմադրութեան կոչ կ՛ուղղէ ազգի զաւակներուն, որպէսզի հաւաքական կամքով ջարդուին Հայաստանի ու հայութեան գլխուն հիւսուած դաւադիր ծրագիրները:
«Կոչ կ՛ուղղեմ ՀՅԴ-ի գաղափարին, գործին, պատմութեան ու առաքելութեան բոլոր հաւատացողներուն` Դաշնակցութեան շարքերէն ներս թէ դուրս, դաշնակցականի երդումը տուած կամ չտուած, երիտասարդ թէ երէց, կին թէ տղամարդ, յառա՛ջ, յառաջ դէպի խրամատ, դէպի կամաւորագրութեան խրամատ, դէպի քաղաքական պայքարի խրամատ, դէպի քարոզչական կռիւի խրամատ, դէպի գիտական կարողականութիւնը ներդնելու խրամատ, դէպի նիւթական հնարաւորութիւն ստեղծելու խրամատ:
«Բոլորս համոզուած պիտի ըլլանք, որ անձն ու անձնականը շատ ճղճիմ են հայրենի հողի նոյնիսկ ամենափոքր կորուստին դիմաց:
Ազգովին` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք, այսօր կանգնած ենք մեր ուժերը լարելու հրամայականին առջեւ, կատարելու համար Արցախին ու Հայաստանին տէր կանգնելու մեր առաքելութիւնը», ըսաւ Մկրտիչեան:
Իր խօսքը եզրափակելով` ան դիտել տուաւ, որ ՀՅԴ-ի 34-րդ Ընդհանուր ժողովը բոլորիս վրայ պարտք դրած է «ողջ ներուժով, համահայկական կառոյցի կարողականութեամբ եւ նուիրումով» պաշտպանել Հայաստանի եւ Արցախի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, իսկ այս բոլորին համար անհրաժեշտ է անսակարկ պայքար բոլոր ճակատներու վրայ եւ բոլորին մասնակցութեամբ:
Տօնակատարութեան ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ հրատարակութեան մասին Կեդրոնական կոմիտէն պաշտօնաթերթ «Օրակարգ»-ին, որուն առաջին թիւի տպագիր օրինակը բաժնուեցաւ ներկաներուն, իսկ թերթը ընդհանրապէս պիտի ըլլայ առցանց եւ երկլեզու:
Յայտագիրին ընթացքին ցուցադրուեցան երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններու աշխատանքները ներկայացնող տեսերիզ: Ուշագրաւ եւ տպաւորիչ էր Համբիկ Սասունեանի պատգամը` պատանեկան միութեան բանակումի մասնակիցներուն: Ցուցադրուեցան նաեւ պատկերներն ու անունները վերջին 2 տարիներուն առյաւէտ բաժնուած շրջանի ընկերներուն ու ընկերուհիներուն:
Ձեռնարկի փակումը կատարեց յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգսեանը` դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Արմէն Բաբայեանի, մեկնաբանելով «Ա՜խ, հայրենիք» եւ «Կուկունեանի յիշատակին» երգերը, հուսկ` «Արիւնոտ դրօշ»: