Գեմպրիճի մէջ հիմը դրուեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան միութեան «Փոթորիկ» մասնաճիւղին
«Հորիզոն», 28 Նոյեմբեր 1988
«Հորիզոն» շաբաթաթերթի 45-ամեակին առթիւ, «Հորիզոն»ը հերթաբար պիտի հրապարակէ շաբաթաթերթի արխիւէն մեր համայնքի կարեւոր իրադարձութիւններու լրատուութիւններ, թղթակցութիւններ եւ հարցազրոյցներ: Ստորեւ կը հրապարակենք Գեմպրիճի մէջ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան միութեան 8-12 տարեկան կրտսերներու յատուկ «Փոթորիկ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան լրատուութիւնը.
Գեմպրիճի մէջ հիմը դրուեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան միութեան «Փոթորիկ» մասնաճիւղին
Նոյեմբեր 5-ի երեկոյեան, Գեմպրիճի մէջ հիմը դրուեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան միութեան «Փոթորիկ» մասնաճիւղին:
Գեմպրիճի հայութիւնը խուռներամ փութացած էր Հայ կեդրոն: Հոն էին նաեւ Գանատայի բոլոր մասնաճիւղերու վարիչները, որոնք այդ առաւօտ Գեմպրիճ ժամանած էին ՀՅԴ Գանատայի պատանեկան վարիչ կազմերու հանդիպումին համար:
«Փոթորիկ» մասնաճիւղը կը համախմբէ 8-12 տարեկան փոքրերը, եւ «Վարդան» մասնաճիւղին հետ, որ իր կարգին կը համախմբէ 12-16 տարեկան պատանիները, կ’ամբողջացնէ պատանեկանի կառոյցը Գեմպրիճի շրջանին մէջ: Կառոյց մը, որ հայ մանուկին ու պատանիին կու տայ հայեցի անհրաժեշտ դաստիարակութիւնը, որ զանոնք դարձնէ հոգիով հայեր. հայ մշակոյթի եւ հայոց պատմութեան գլխաւոր դէպքերն ու դէմքերը, Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատմութիւնը, հայ ֆետայիներու հերոսական արարքները… այն բոլորը որ հայ մանուկին ու պատանիին պիտի տան հպարտութիւն, պիտի տան համարձակութիւնը այս օտար ափերուն վրայ բարձրաճակատ յայտարարելու. «Ես հայ եմ»:
Հանդիսութիւնը բացուեցաւ «Փոթորիկ»ի անդամներու խմբերգած «Յառաջ նահատակ» քայլերգով: Պատանեկանի «Վարդան» մասնաճիւղի խօսքէն ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Ապա, խօսքը տրուեցաւ ՀՅԴ Արամ-Դրօ կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Ժոզէֆ Փօլատեանի, ինչպէս նաեւ Պատանեկանի ընդհանուր վարիչ մարմնի ներկայացուցիչ ընկ. Մանուկ Գալայճեանի, որ իր խօսքի աւարտին պաշտօնապէս հիմնադրուած յայտարարեց ՀՅԴ ԳՊՄ «Փոթորիկ» մասնաճիւղը:
Մոնթրէալի Րաֆֆի եւ Թորոնթոյի Ռոստոմ մասնաճիւղերէն ետք, Փոթորիկ մասնաճիւղը Գանատայի Պատանեկան միութեան երրորդ մասնաճիւղն է 8-12 տարեկան կրտսերներու յատուկ:
Comments are closed.