Գարեգին վրդ. Շխրտմեան հովուական ծառայութեամբ պիտի ժամանէ Վանգուվըր, Գանատա

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ, ընդառաջելով Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի խնդրանքին, տնօրինած է, որ Հոգեշնորհ Տ. Գարեգին Վրդ. Շխրտմեանը ստանձնէ Վանգուվըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հովուութիւնը, նկատի ունենալով, որ տեղւոյն Հոգեւոր Հովիւը՝ Հոգեշնորհ Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան պիտի վերադառնայ Մայրավանք։

Գարեգին Վարդապետ ծնած է 16 Յունուար 1992-ին՝ Հալէպ, Սուրիա։ Նախնական ուսումը ստացած է Հալէպի Զուարթնոց Վարժարանէն ներս, ապա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի ութամեայ կրթական ծրագիրը լրացնելէ ետք, կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 17 Յունիս 2012-ին, ձեռամբ` Գերաշնորհ Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի։ 12 Յուլիս 2015-ին, վարդապետական թեզը պաշտպանելէ ետք, կ՚արժանանայ մասնաւոր Վարդապետութեան աստիճանին։

Դպրեվանքի մէջ հինգ տարի դասաւանդած է եկեղեցական երաժշտութիւն եւ ստանձնած է ընդհանուր հսկիչի պաշտօնը ու ապա գործած է որպէս փոխ-տեսուչ։ Եղած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի դպրապետ, ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» եւ Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբերուն խմբավարը։

6 Օգոստոս 2017-ին, Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ` Հայր Սուրբը կը ժամանէ Գանատա եւ 9 Օգոստոս 2017-ին, կը մեկնի Վանգուվըր ծառայելու համար որպէս Հոգեւոր Հովիւ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ համայնքին։ Հոգեւշնորհ Հայր Սուրբը Վանգուվըրի մէջ իր անդրանիկ Պատարագը պիտի մատուցէ Կիրակի, 13 Օգոստոս 2017-ին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.