Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը
22 մայիսի Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ Հայ դատի յանձնախումբերու կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ Ֆրանսայի Ծերակոյտի պատգամաւորներ:
Հանդիպման ընթացքին վեհափառ հայրապետը եւ պատուիրակութեան անդամները քննարկեցին Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն առնչուող հարցեր` կարեւոր նկատելով հայրենական կեանքին մէջ ազգային միասնականութիւնն ու ջանքերու մէկտեղումը առկայ խնդիրներու յաղթահարման գործին մէջ:
Իր խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը անդրադարձ կատարեց Հայաստանի եւ արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան անհրաժեշտութեան եւ այդ ուղղութեամբ Ֆրանսայի իշխանութիւններուն կողմէ ներդրուող ջանքերուն: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Ֆրանսայի Ծերակոյտի պատգամաւորներուն շարունակական զօրակցութեան համար:
Վերջաւորութեան վեհափառ հայրապետը պատասխանեց պատուիրակութեան անդամներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան եւ հայ ռազմագերիներու վերադարձման գործին մէջ մայր աթոռին կողմէ տարուող աշխատանքներուն:
Comments are closed.