Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը

ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ հինգշաբթի, 8 փետրուար 2024-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի միջեւ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի ներկայ իրավիճակի, արցախեան հիմնախնդիրի, արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, յատկապէս Արցախ հաւաքական վերադարձի հարցերը:

Տեղեկութիւններ փոխանակուեցան հայրենիքի մէջ եւ համաշխարհային մակարդակով Արցախի հարցի արդարացի լուծման կապակցութեամբ կատարուած աշխատանքներու եւ նախատեսուած համահայկական նախաձեռնութիւններու վերաբերեալ:

Շեշտուեցաւ արցախահայերուն մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու եւ Հայաստանի պետականութեան հիմքերու ամրապնդման աշխատանքի շարունակութեան, ի խնդիր ազգային միասնականութեան զօրացման եւ առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման` ազգային կառոյցներու միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման եւ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ եկեղեցւոյ դերի խորացման կարեւորութիւնը:

Comments are closed.