Գանատան կրնայ վերացնել Թուրքիոյ նկատմամբ կիրառուող զէնքի վաճառքի արգելքը

ՀՅԴ Հայ Դատի Գանատայի յանձնախումբը լրջօրէն մտահոգուած է այն հարցով, թէ Գանատան կրնայ չեղարկել Թուրքիոյ նկատմամբ սահմանուած՝ ռազմական արտադրանքի վաճառքի արգելքը։ Այս քայլը կրնայ ձեռնարկուիլ Շուետիոյ՝ ՆԱՏՕ-ին անդամակցելու գործարքի շրջանակին մէջ։

Թուրքիոյ նկատմամբ կիրառուող զէնքի արգելքի վերացումը յատկապէս վտանգաւոր է գանատաթրքական ռազմական առեւտուրի վերջին բացայայտումներէն ետք, երբ 2019 թ․ պաշտօնական Օթթաուան թոյլատրած էր անօդաչուներուն մէջ կիրառուող L3Harris/WESCAM սարքերու վաճառքը Անգարային, ինչ որ կը հանդիսանար «Պայրաքտար» անօդաչուներու մրցունակութիւնը ապահովող առանցքային չափանիշներէն մէկը։ Հետագայ յետաքննութիւնը ապացուցած էր այդ սարքերուն փոխանցումը Ատրպէյճանին, ինչ որ արգիլուած էր։ Բացայայտուած էին թրքական այլ զեղծարարութիւններ եւս։ Մասնաւորապէս, գանատական սարքերը, թրքական դիմումին համաձայն, ենթակայ էին կիրառման ոչ թէ յարձակողական, այլ յետախուզական անօդաչուներու համար։

Պետական այս յետաքննութենէն ետք, գանատական կողմը, Հայ Tատի Գանատայի յանձնախումբի աշխատանքներուն արդիւնքով, Թուրքիոյ նկատմամբ կիրառեց ռազմական արտադրանքի վաճառքի արգելք։

ՀՅԴ Հայ Tատի Գանատայի յանձնախումբին դիրքորոշմամբ՝ Գանատա պէտք չէ մեղսակից ըլլայ թուրք-ատրպէյճանական ռազմական յանցագործութիւններուն` նպաստելով անոնց ռազմական զինանոցներու ընդլայնման: Խարդախ մտադրութիւններ ունեցող պետութիւններուն զէնքի վաճառքը կը խախտէ Գանատայի զէնքի արտահանման կանոնները՝ զգալի վտանգ ներկայացնելով տարածաշրջանային կայունութեան: Տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ Գանատայի յայտարարած առաջնահերթութիւններուն համահունչ՝ Օթթաուան պէտք չէ չեղարկէ զէնքի վաճառքի արգելքը։

Հաշուի առնելով թրքական նախկին զեղծարարութիւններն ու զէնքի ձեռքբերման կանոններու խախտումները, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ կողմէ ՀՀ տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնիշխանութեան հանդէպ սպառնալիքները՝ Հայ դատի յանձնախումբը Գանատայի կառավարութեան կոչ կ’ընէ ցուցաբերել առաւելագոյն զգուշութիւն եւ առաջնահերթութիւն տալ տարածաշրջանային կայունութեան, խաղաղութեան եւ մարդկային իրաւունքներուն:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակ

23․01․2024 թ․

Comments are closed.