Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտօ պիտի մասնակցի Հայաստանի մէջ կայանալիք Ֆրանսախօս երկիրներու համաժողովին

Հայաստանի Հանրապետութեան Օթթաուայի դեսպանատունը ֆէյսպուքի իր կայքէջով յղած տեսանիւթով կը տեղեկացնէ, թէ Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտօ յառաջիկայ հոկտեմբերին պիտի այցելէ Հայաստան եւ մասնակցի համաշխարհային ֆրանսախօս երկիրներու խորհրդաժողովին (the International Organization of the Francophonie);

Աւելի քան 50 երկիրներ անդամ են ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան։  Հայաստան անդամակցած է 2002-ին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.