Գանատայի հայ, հրեայ, յոյն, ուքրանացի համայնքներու կազմակերպութիւնները Ցեղասպանութեանց մասին գիտաժողով կը նախաձեռնեն

Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբը, համագործակցութեամբ՝ ուքրանական «Holodomor Research and Education Consortium» եւ «Ukrainian Canadian Congress», հրէական «Centre for Israel and Jewish Affairs», յունական «Hellenic Canadian Congress», եւ մարդկային իրաւանց «Raoul Wallenberg Centre for Human Rights» կազմակերպութիւններուն, կազմակերպած է «Canadian Stories: Shared Experiences Over 150 Years» խորագրով գիտաժողով մը, որ միաժամանակ տեղի պիտի ունենայ Թորոնթոյի, Մոնթրէալի եւ Վանգուվըրի մէջ, 2017 Դեկտեմբեր 3, Կիրակի ժամը 10:00էն 18։00ի միջեւ։

Գիտաժողովը պիտի համախմբէ գանատացի վաստակաշատ քաղաքական, հասարակական եւ ակադեմական դէմքեր, որոնք պիտի մասնակցին երեք հիմնական լսարաններու, արծարծելով հետեւեալ երեք թեմաները՝

  1. Ցեղասպանութիւններու պատմութիւնն ու Գանատայի պատմական եւ ներկայի կեցուածքը անոնց հանդէպ.
  2. Գանատայի բազմամշակութայնութեան հոլովոյթն ու ներկայ մարտահրաւէրները.
  3. Գանատայի դերը միջազգային մարդկային իրաւանց հարցերուն մէջ։

Նշենք, որ առաջին երկու լսարանները տեղի պիտի ունենան Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնէն ներս, իսկ երրորդը՝ Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնէն ներս: Բոլոր լսարանները միաժամանակ պիտի հեռասփռուին Թորոնթոյի, Մոնթրէալի եւ Վանգուվըրի Հայ Կեդրոններէն ներս՝ համացանցային լսատեսողական ծրագրով:

Գիտաժողովի աւարտին, մասնակիցները, միացեալ զեկոյցի ընդմէջէն, քննարկուած բոլոր նիւթերուն վերաբերեալ իրենց յանձնարարականները պիտի փոխանցեն Գանատայի կառավարութեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.