Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի յայտարարութիւնը Գանատայի խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ Արցախի շրջափակման լսումներուն վերաբերեալ

Յունուար 25-ին, Գանատայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովը երկու առանձին նիստ գումարեց՝ նուիրուած Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շարունակուող շրջափակմանը։

Արցախի մասին իրազեկման հանդիպումները կազմակերպուեցան, երբ անցեալ շաբաթ ընդդիմադիր Պլոք Քեպէգուա կուսակցութեան ստուերային արտաքին գործոց նախարար պարոն Սթեֆան Պերժերոնի կողմէ յանձնաժողովին ներկայացուեցաւ միջնորդութիւն մը՝ որը կոչ կ՚ընէր առաւելագոյնը երեք հանդիպում կայացնել Արցախի մասին իրազեկումներ եւ վկայութիւններ լսելու։ Միջնորդութիւնը միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ եւ որոշուեցաւ իրազեկման մասնակից դարձնել Արցախի Հանրապետութիւնը ներկայացնող վկաներ, ինչպես նաև փորձագէտներ եւ Գանատայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։

Այս մէկը պատմական ձեռքբերում էր, որը պաշտօնապէս հնարաւորութիւն կը ստեղծէր Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներուն առաջին անգամ ըլլալով ելոյթ ունենալու Գանատայի խորհրդարանին առջեւ եւ պաշտպանելու արցախահայութեան շահերը։

Առաջին հանդիպման ժամանակ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի համանախագահ Շահէն Միրաքեանի հետ միասին ներկայացան քաղաքական գիտութեանց դասախօս դոկտ. Թալին Փափազեան, Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մօտ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան եւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան։ Իր վկայութեան ընթացքին Միրաքեանը յանձնաժողովին համապարփակ պատկերացում տուաւ, թէ ինչ դիրքորոշում ունի գանատահայութիւնը այս հարցին գծով՝ ընդգծելով, որ Գանատայի կառավարութիւնը պէտք է օգտագործէ իր միջազգային ազդեցութիւնը եւ ճնշում գործադրէ Ատրպէյճանի վրայ՝ դադրեցնելու Արցախի ցեղասպանական շրջափակումը։

Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան եւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան փաստեր ներկայացուցին՝ կապուած Ատրպէյճանական յարձակողապաշտ վարքագծին պատճառով յառաջացած մարդասիրական ծանր հետեւանքներուն։

Յանձնաժողովի երկրորդ նիստը լսեց Միջազգային ճգնաժամային խումբի Հարաւային Կովկասի հարցերով աւագ վերլուծաբան Օլեսիա Վարդանեանին  եւ Ուինծըրի համալսարանի իրաւագիտութեան դասախօս՝ փրոֆ. Քրիսթոֆըր Ուոթըրզին: Երկու վկաներն ալ հիմնաւոր տեղեկութիւններ փոխանցեցին Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ՝ կոչ ընելով ճնշում բանեցնել Պաքուի դէմ, որպէսզի ան դադրեցնէ իրավիճակը ապակայունացնող իր ճիգերը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.