Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Հանդիպումը Երեսփոխան Րաժ Սաինիի Հետ ընդգրկեց Արցախը

Ուրբաթ, Մարտ 17-ին, Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային Յանձնախումբը խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ Կեդրոնական Քիչընըրի ընտրատարածքը ներկայացնող եւ խոհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց մշտական յանձնաժողովի անդամ, երեսփոխան՝ Րաժ Սաինիի (Ազատական) հետ: Հանդիպման ներկայ գտնուեցան Հայ Դատի Շրջանային Յանձնախումբի անդամ՝ Ընկ. Վրեժ Գասամանեան եւ Օթթաուայի գրասենեակի գործավար՝ Ընկ. Սեւակ Պէլեան:

Մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին, Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները երեսփոխան Սաինիի ներկայացուցին եւ անոր հետ քննարկեցին Հայ Դատի առնչուող առաջնահերթ շարք մը հարցեր, որոնց շարքին Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան հակադարձելու անհրաժեշտութիւնը, Արցախի հիմնահարցը, Գանատա-Հայաստան երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ Գանատա-Հայաստան Խորհրդարանական Խմբակցութեան աշխատանքները եւ տեղական այլ հարցեր:

Իր կարգին, Երեսփոխան Սաինի Հայ Դատի պատուիրակութեան հետ բաժնեց իր կարծիքն ու դրական կեցուածքը վերոնշեալ հարցերուն շուրջ եւ դրուատիգով արտայայտուելէ ետք յանձնախումբի տարած գործունէութեան մասին, իր աջակցութիւնը ցուցաբերեց Հայ Դատի աշխատանքներուն:

 

Լուսանկար: Ձախէն՝ Սեւակ Պէլեան, Րաժ Սաինի եւ Վրեժ Գասամանեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.