Գանատայի Հայոց Թեմի սարկաւագաց եւ դպրաց դասերու աւանդական հանդիպում Քինկսթընի մէջ
20 Յուլիս 2024-ին, կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին, Օնթարիոյի Քինկսթըն քաղաքին մէջ գումարուեցաւ Թեմիս Սարկաւագներու եւ Դպրաց Դասերու տարեկան համախմբումը՝ հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի։
Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի Վարիչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան, բացումը կատարեց համախմբումին, որ սկիզբ առաւ Առաւօտեան Ժամերգութեամբ։ Մասնակիցները ժամանած էին Թեմիս եկեղեցիներէն, մէկտեղելով աւելի քան 60 Սարկաւագներ, Կիսասարկաւագներ, դպրիրներ ու դպրուհիներ։
Օրակարգը առաջին հերթին սկսաւ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանի խորհրդածութեամբ՝ նիւթ ունենալով «Բ. Տիմոթէոս 1.6»։ Ապա Պրն. Արշաւիր Գաբուճեան, Գործադիր Տնօրէն «Դանիական Հայկական Բարեգործական Առաքելութիւն» Կազմակերպութեան ներկայացուց «Սարկաւագը՝ Գործակից Քահանային. Անբաժան մասնիկ՝ եկեղեցւոյ կեանքին» նիւթը։ Սիրոյ Սեղանի դադարէն ետք Մայէսթրօ Արմէն Ամիրխանեան կատարեց շարականներու ուսուցում։
Բաժանմուքը կազմակերպած էր զարգացման մրցում մը հիմնուած Աստուածաշունչի վրայ, որ ստեղծեց դաստիարակչական հաճելի պահեր։
Համախմբումի փակումը կատարեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Ան յորդորեց ըսելով.- «Ձեր նուիրումը, զոհողութիւնը եւ շարունակական ներկայութիւնը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, եկեղեցին կը գեղեցկացնէ, ներշնչող ներկայութիւն կը դարձնէ եւ հաւատացեալը կը ներշնչէ աղօթելու»։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Պրն. Գաբուճեանին եւ Մայէսթրօ Ամիրխանեանին, որոնք ժամանեցին Հայրենիքէն եւ վայելքը տուին ունկնդրելու իրենց խօսքը եւ օգտուելու իրենց մասնագիտութենէն։ Սրբազան Հայրը անդրադառնալով ներկաներուն նուիրումին, ըսաւ՝ դուք Խորանի վրայ թէ վերնատան մէջ՝ ձեր ծառայութեամբ կը պայծառացնէք եկեղեցին եւ բարձրօրէն գնահատելով բոլորին նուիրումը «Պահպանիչ» աղօթքով փակեց օրակարգը։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Comments are closed.