Գանատայի Հայոց Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Միօրեայ Սեմինար-Աշխատանոց

 

Հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդին, տեղի ունեցաւ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու միօրեայ սեմինար-աշխատանոցը, Շաբաթ, 25 Օգոստոս 2018-ին, Քինկսթընի մէջ։

Սեմինարի բացումը կատարեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ողջունեց ներկաները իրենց մասնակցութեան համար եւ գնահատեց բոլորին նուիրումը հայ եկեղեցւոյ եւ ծառայութիւնը ազգին։

Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդին կողմէ, Տիկին Թալին Պօղոսեան կատարեց ծանօթացման բաժինը, որուն յաջորդեց աշխատանոցն ու խորհրդածութիւնը՝ Տիկին Սեմալին Պէքարեանին կողմէ։ Ան ընդհանրապէս կեդրոնացաւ Աստուածաշնչային առակներու վրայ եւ անոնց ուսուցման ձեւին ու կերպին մասին, որոնք արմատ կը ցանեն մանուկներուն եւ պատանիներուն կեանքին մէջ։

Սեմինարի աւարտին, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս մասնակից ուոսցիչներուն եւ տնօրէններուն ըսաւ, թէ շեշտը պէտք է դնենք դաստիարակութեան վրայ։ Կիրակնօրեան այն վայրն է ուր ընտանիք, եկեղեցի եւ դպրոց իրար կը հանդիպին եւ մանուկը ճշմարիտ հաւատքով կ՚ապրի, կ՚աճի ու կը հարստանայ։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կեդրոնացաւ նաեւ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու կարեւորութեան, դերակատարութեան եւ անհրաժեշտութեան մասին։ Ան մեծապէս գնահատեց կամաւոր ուսուցիչներն ու տնօրէնները, որոնք միայն բարին կը սերմանեն մեր մանուկներուն հոգիներուն եւ սրտերուն մէջ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.