Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի կազմակերպած «Երիտասարդական Համախմբում»ին մասնակցեցան 100 երիտասարդներ
2295
0
Հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդին, Յունիս 10-ին Քինկսթընի IAWAH բանակավայրին մէջ սկիզբ առաւ «Երիտասարդական Համախմբում» – Սեմինարը։
Գանատայի զանազան շրջաններէն մօտաւորապէս 100 երիտասարդներ մասնակցեցան այս Համախմբումին։ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս դիմաւորեց համախմբումի մասնակիցները։ Այս տարի, համախմբումին մասնակցեցան նաեւ ԱՄՆ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Թեմերէն երիտասարդներ։
Բաբգէն Արքեպիսկոպոս իր բացման խօսքէն ետք աղօթքով պաշտօնապէս կատարեց երիտասարդական համախմբումի բացումը։