Գանատայի Ծերակոյտի անդամ Լէօ Հուսաքոս Արցախի անկախութեան ճանաչման բանաձեւ ներկայացուց
2386
0
«Հորիզոն».- Հոկտեմբեր 27-ին, Գանատայի Ծերակոյտի հերթական նիստին, Ծերակոյտի անդամ եւ Գանատայի Վերին Պալատի նախկին խօսնակ Լէօ Հուսաքոս յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ, յայտնելով, որ Ծերակոյտի սեղանին քննարկման պիտի յանձնէ իր կողմէ ներկայացուած բանաձեւ, ընդ որում կը պահանջուի Գանատայի կառավարութենէն դատապարտելու թուրք-ատրպէյճանական զինուորական յարձակումը Արցախի վրայ եւ ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը։ Ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան անդամ ծերակուտականը նաեւ կոչ ըրաւ Գանատայի կառավարութեան, որպէսզի մշտականօրէն կասեցնէ գանատական զինուորական սարքերու վաճառքը Անգարայի, այս մասին կը հաղորդէ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը