Գանատայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական ​​յանձնաժողովը միաձայնութեամբ ընդունեց քննարկել Արցախի շրջափակման հարցը

Յունուար 18-ին, Գանատայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական ​​յանձնաժողովը միաձայնութեամբ ընդունեց բանաձեւ՝ առաւելագոյնը երեք հանդիպման նիստ տրամադրել Արցախի շրջափակման վերաբերեալ եւ միաժամանակ, նիստի ընթացքին իրազեկուիլ Արցախի պետութեան ներկայացուցիչներուն կոմէ։  Այս մասին կը հաղորդէ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասեանեակը։

Հայ Դատի յանձնախումբը յատկապէս կը նշէ, որ այս մէկը պատմական քայլ է, որը պաշտօնապէս հնարաւորութիւն կը ստեղծէ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներուն առաջին անգամ ըլլալով ելոյթ ունենալ Գանատայի խորհրդարանին առջեւ։

Բանաձեւման մէջ կ՚ըսուի, թէ համաձայն 108(2) օրինագծին՝ յանձնաժողովը պարտաւոր է իրականացնել առաւելագոյնը երեք հանդիպում՝ ուսումնասիրելու Լաչինի միջանցքի արգելափակման ներկայ իրավիճակը՝ որը փաստացի մեկուսացումն է Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.