Գանատայի Արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի կոչ ուղղեց Ատրպէյճանին բանալ Լաչինի միջանցքը

Գանատայի խորհրդարանի Մարտ 27-ի հերթական նիստի ընթացքին, Գանատայո արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի անդրադարձաւ Արցախի շրջափակման։ Այս մասին կը հաղորդէ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը։

Նիստի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Ազատական կուսակցութեան անդամ Ժան Եիփ եւ յայտնեց, թէ իր ընտրատարածքի, Սքարպորօ-Էյճինգորթի մէջ ապրող հայ համայնքի քաղաքացիները խորապէս մտահոգ են Արցախի հակամարտութեան գծով լարուածութեան սրումին առնչութեամբ։ Ան յիշեցուց, թէ արդէն աւելի քան հարիւր օրէ ի վեր Արցախի շրջափակումը կը շարունակուի եւ առկայ է մարդասիրական խորացող տագնապ մը, իսկ Արցախի ժողովուրդը մտավախութիւն ունի, թէ կացութիւնը շուտով կրնայ վերստին սրիլ։ Ան հարց տուաւ, թէ Գանատայի արտաքին գործոց նախարարը կրնա՞յ պարզաբանել, թէ Գանատայի կառավարութիւնը ի՞նչ քայլեր առած է այս հարցին ուղղութեամբ։

Նիստին ներկայ Արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի պատասխանելով հարցին յայտնեց, թէ Գանատան կը շարունակէ կոչ ուղղել Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն Լաչինի միջանցքը բանալու և բոլոր հայ ռազմագերիները ազատ արձակելու։ Ան շեշտեց, որ պէտք է առաջքը առնուի մարդասիրական տագնապի վիճակի յաւելեալ վատթարացման։ Ան միաժամանակ յայտնեց, որ Գանատան իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի սահմաններուն վրայ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.