Գանատահայ բժիշկը «Գանատայի Անջրպետի գործակալութեան» կը ներկայացնէ նոր գիւտ մը
Գանատահայ բժիշկ տոքթ. Սարգիս Երէցեան յառաջիկայ ամիս Գանատայի Անջրպետի գործակալութեան» (Canada Space Agency) կողմէ հրաւէր ստացած է յատուկ զեկոյցով մը ներկայացնելու գիտական իր նոր իրագործումը, որմով կը դիւրացուի կործանման ենթարկուած օդանաւերու «սեւ տուփ»ը (Black Box) արագօրէն գտնելու հարցը։ «Սեւ տուփ»ը համակարգչային այն սարքն է որուն մէջ կ՚արձանագրուին օդանաւի մը բոլոր հաղորդակցութիւնները։
Միաժամանակ, տոքթ. Երէցեանի մէկ այլ գիւտով հետաքրքրուած է Միացեալ Նահանգներու Հարվըրտ համալսարանի բժշկական բաժանմունքը. Երէցեան աշխարհահռչակ Հարվըրտ համալսարանին յղած է առանց վիրահատութեան սրտի խցանուած երակները բուժելու իր գիւտի նախագիծը, որ բժշկագիտականօրէն կը կոչուի Intra-arterial therapeutic dissolution of plaques in coronary and peripheral arterial diseases.
Տոքթ. Երէցեան միջազգային չորս արտօնագրուած (patent) գիւտերու հեղինակ է։ 2004-ին Գանատայի գիտութեան նախարարութեան կողմէ 30 հազար տոլար դրամաշնորհ ստացած է բժշկագիտութեան բնագաւառէն ներս ուսումնասիրական աշխատանքներ կատարելու համար։ Ան անդամ է «Գանատայի վիրահատութեան ընկերակցութեան»։
Տոքթ. Երէցեան բազմաթիւ առիթներով իր ներդրումը բերած է օժանդակելու Հայաստանի եւ Արցախի իր հայրենակիցներուն։ Ներկայիս «Հայ որբերու օգնութեան ընկերակցութեան» Մոնթրէալի մասնաճիւղի նախագահն է։