Գամիշլիի մէջ յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ Արցախի 44- օրուայ պատերազմի նահատակներու երկրորդ տարելիցի յիշատակին
Կիրակի, 6 Նոյեմբեր2022-ի առաւօտեան Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Ս. Եւ Անմահ Պատարագին Հոգեհանգստեան պաշտօն մատուցուեցաւ ի յիշատակ Արցախի 44- օրուայ պատերազմի անմահ հերոսներ Յարութ Բանոյեանի, Յակոբ Ասթարճեանի, Մոսիկ Սեքլէմեանի եւ համայն նահատակներու երկրորդ տարելիցին առիթով, հովանաւորութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի ներկայութեամբ պատկան մարմնի, ազգային եւ միւթենական մարմիններու ներկայացուցիչներուն, Սեքլէմեան ընտանիքի հարազատներուն, ՍԵՄ-ի «նիկոլ Դուման» Մասնաճիւղի Վարչութեան եւ Պատանեկան Միութեան «Զաւարեան» Մասնաճիւղի վարիչ եւ դաստիարակ կազմերուն, ինչպէս նաեւ գաղափարակից ընկերներու եւ հոծ բազմութեան։
Պատարագին քարոզեց Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան։ Ան ըսաւ որ հաւատքը, յոյսը եւ սէրը անքակտելի միութիւն են եւ հզօր յաղթանակի երաշխիքներ։ «Դէպի նպատակը սլացող մարտիկը կը հաւատայ իր գաղափարին, մեծ յոյսով եւ անհուն սիրով կը պայքարի յանուն ազգին ու հարենիքին փրկութեան։ Արցախի հերոսները հաւատացին, անոնք ուխտեցին անմահութեան ճամբէն քալել դէպի իմացեալ մահը եւ հասան զոհաբերութեան բագինին», աւելցուց քահանայ հայրը։
Հոգեհանգիստի աւարտին հայր սուրբն ու ազգայինները ուղղուեցան առաջնորդարանի դահլիճը, ուր ՍԵՄ-ի վարչութեան եւ պատանեկանի վարիչ ու դաստիարակ կազմերը տեսերիզ մը ցուցադրեցին՝ Արցախի պատերազմին եւ սուրիահայ հերոսներուպ մասին։
Ապա հայր սուրբը իր խօսքը ուղղեց, յայտնելով որ 27 Սեպտեմբեր 2020-ին սկսաւ հայոց պատմութեան նորագոյն մղձաւանջը, ու 44 օրերու ընթացքին մենք կորսնցուցինք նուիրեալ հերոսներ, որոնք իրենց երիտասարդ կեանքը զոհաբերեցին հայրենիքին եւ արդար դատին։ «Այսօր, դուք, երիտասարդնե՛ր, պարտիք շարունակել պայքարի ճամբան Յարութին, Յակոբին եւ Մոսիկին։ Անոնք երկինքէն մեզի կը հսկեն եւ կը լուսաւորեն մեր ճամբան»:
Աւարտին, ներկաները Տէրունական աղօթքի միասնական կատարումէն ետք իրենց ցաւակցութիւնները յայտնեցին։
Բժշկհ. Մարի Մելքոն