Բռնաճնշումներու Նոր Ալիք՝ Դաշնակցութեան Դէմ

ՀՅԴ Տաւուշի Մարզային կոմիտէի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան յայտնեց, որ  շինծու քրէական գործերու ծիրին մէջ, բռնաճնշումներու նոր ալիք մը սկսած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դէմ: Արդէն ձերբակալուած են ՀՅԴի 13 անդամներ, որոնց կարգին 2 կիներ եւ ՀՅԴի Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Գերասիմ Վարդանեան: Ձերբակալուածներէն մէկուն վերաբերեալ կայ երկամսեայ բանտարկութեան որոշում մը:

«Բռնաճնշումները շարունակւում են նաեւ իրենց քաղաքացիական դիրքորոշումն արտայայտող հայ գործարարների նկատմամբ: Այս ամէնը վկայում է մէկ բանի մասին. ռեժիմը (վարչակարգը) միայն սեփական քաղաքացիների նկատմամբ աննախադէպ բռնաճնշումներ իրականացնելով է կարողանում պահել իշխանութիւնը», յայտնեց Դանիէլեան:

Գերասիմ Վարդանեանի շահերու պաշտպան փաստաբան Բենիկ Գալստեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Վարդանեանը 2 ամիսով բանտարկելու որոշումը ապօրինի կը նկատեն. անիկա պիտի բողոքարկուի։

Comments are closed.