Բռնագրաւուած Շուշիի Մէջ Ազրպէյճանցի Վանտալներու Հայկական Մշակութային Ժառանգութիւնը Իսլամացնելու Նոր Փորձերը

Monument Watch-ը ահազանգ կը հնչեցնէ` տեղեկացնելով, որ 11 մայիսին բռնագրաւուած Շուշիի մէջ ստորագրուած է «Հայտար Ալիեւ» հիմնադրամի եւ ISESCO-ի միջեւ համագործակցութեան յուշագիր մը, որ կը նախատեսէ մշակոյթի, գիտութեան եւ կրթութեան ոլորտներու մէջ փորձառութեան փոխանակում, նոր արհեստագիտութիւններու մշակում, ինչպէս նաեւ` միատեղ նախագիծներու իրականացում:

Նշենք, որ ISESCO-ն Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան մասնագիտական ճիւղն է, որ կը զբաղի իսլամական կրթական, գիտական եւ մշակութային հարցերով` նպատակ ունենալով  ամրապնդել կապերը մահմետական ազգերու միջեւ եւ խթանել կայուն զարգացումը այդ բնագաւառներուն մէջ:

Նմանատիպ յուշագիրներն ու պայմանագիրները Շուշիի իսլամացման ընդհանուր ծրագրին մէկ մասն են: Տակաւին 2021-էն սկսեալ Ազրպէյճանի մշակոյթի նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հաւաստումով, Պաքու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի քարտուղարութեան փաստաթուղթեր ներկայացուցած է հայկական պատմական Շուշի քաղաքը (44-օրեայ պատերազմէն ետք,  Ազրպէյճանի մշակութային մայրաքաղաք) «ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ստեղծարար քաղաքներու ցանցին մէջ» ընդգրկելու համար: Իսկ Ազրպէյճանի այն օրերու մշակոյթի նախարար Անար Քերիմով 17 սեպտեմբեր 2021-ին Խիվա (Ուզպեքիստան) քաղաքին մէջ տեղի ունեցած թուրք նախարարներու միջազգային 38-րդ հանդիպումին հաստատած էր, որ Պաքու կը պատրաստուի 2023-ին Շուշին հռչակել «Թրքական աշխարհի մշակութային մայրաքաղաք»` աշխուժացնելով կապերը թուրք ժողովուրդներու մշակոյթի զարգացմամբ զբաղող «TURKSOY» միջազգային կազմակերպութեան հետ: Ասկէ բացի` 2021-2022 թուականներուն բռնագրաւուած Շուշիի մէջ տեղի ունեցած են տարբեր բնոյթի համաժողովներ, որոնք քաղաքի պատմական, մշակութային կերպարը նենգափոխելու եւ գործընթացը միջազգայնօրէն ամրագրելու, քաղաքը միջազգային հանրութեան եւ կազմակերպութիւններուն իբրեւ զուտ ազրպէյճանական ներկայացնելու եւ այդ ամէնը օրինականացնելու նպատակ կը հետապնդէին:

Այս միտումները ակնյայտ են բոլոր ծրագիրներուն մէջ եւ ելոյթներու ընթացքին, ուր Շուշին կը ներկայացուի իբրեւ ազրպէյճանական եւ թրքական բնակավայր` բացարձակօրէն անտեսելով Շուշի քաղաքի հայկական մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը, պատմական անցեալն ու բազմաթիւ յուշարձաններու գոյութիւնը: Ի մասնաւորի` 21 հոկտեմբեր 2022-ին Պաքուի մէջ տեղի ունեցած է Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան հոգեւոր առաջնորդներու երրորդ համաժողովը` «Թուրք-իսլամական ժառանգութեան հարստութիւնը եւ անոր նշանակութիւնը արդի հարցերու լուծման համածիրին մէջ» նիւթին շուրջ, որու նախօրեակին` 20 հոկտեմբերին, Շուշիի մէջ կնքուած է փաստաթուղթ մը, եւ հիմքը դրուած` Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան մահմետական վարչութիւններու ղեկավարներու խորհուրդին: Ուշագրաւ է, որ համաձայնագրին մէջ մատնանշուած է «հայկական գրաւման» տարիներուն վնասուած մահմետական ժառանգութեան վերականգնման ծրագիրներուն մէջ միացեալ օգնութեան ապաւինելու պարագան:

Comments are closed.