Բողոքի Ու Իրազեկման Շարժումներ Երեւանի Մէջ. Բագրատ Արք. Գալստանեան Հանդիպում Ունեցաւ Նախկին Վարչապետներու Հետ
Մայիս 14-ին, Երեւանի մէջ կրկին բողոքի ու իրազեկման շարժումներ կատարուած են: «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման մասնակիցները կարճ ժամանակով փակած են Սայաթ Նովա-Նալբանդեան եւ Սայաթ Նովա-Աբովեան խաչմերուկները:
«Հայ, Հայաստան, հայրենիք ու Աստուած» վանկարկումներով քաղաքացիները քալած են մայրաքաղաքի փողոցներով` կոչ ուղղելով մարդոց միանալու իրենց, յորդորելով աշակերտներուն ու ուսանողներուն դասադուլ կատարել:
Երիտասարդներուն միացած եւ ճանապարհը փակած վարորդներէն մէկուն ոստիկանները իջեցուցած են ինքնաշարժէն եւ բերման ենթարկել:
Երիտասարդներուն հետ էին նաեւ Ազգային ժողովի ընդդիմադիր պատգամաւորներ Արթուր Խաչատրեանը եւ Գեղամ Մանուկեանը:
Շարժումներուն մասնակիցները կը վանկարկէին. «Հայ, Հայաստան, հայրենիք ու Աստուած», «Նիկո՛լ, հեռացի՛ր», «Պայքար», «Միացէ՛ք»:
Աբովեան փողոցին մէջ խաղաղ ցոյց իրականացնողներուն բերման ենթարկած են մայթերէն: Ոստիկանները բերման ենթարկած ցոյցին մասնակիցները, նաեւ արդարութեան մարտիկ Համբիկ Սասունեանը, որուն յետոյ ազատ արձակած են:
Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ոստիկանութիւնը մեծ ուժեր կեդրոնացուցած էր: Երբ բազմամարդ երթը Աբովեան փողոցով hասաւ հրապարակ` ոստիկանները կրկին սկսան բերման ենթարկել երթին մասնակիցները:
«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան նշեց, որ տարեցներուն, երեխաներուն, կիներուն բռնի բերման կ՛ենթարկեն. «Ասոնք կարմիր գիծեր ունի՞ն»:
Աւելի ուշ Հանրապետութեան հրապարակէն երթ սկսաւ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեանի գլխաւորությամբ: Երթը շարժեցաւ Խանջեան փողոցով: Բագրատ սրբազանն այցելեց Երեւանի պետական համալսարան եւ Լրագրողներու միութիւն, ապա մեթրոյով` Գարեգին Նժդեհի հրապարակ:
Նշենք, որ ժամը 13:30-ի դրութեամբ ոստիկանական բաժիններ բերման ենթարկուած էին անհնազանդութեան շարժում իրականացնող 63 քաղաքացիներ, որոնք աւելի ուշ ազատ արձակուեցան:
Երէկ երեկոյեան Բագրատ սրբազանը Ս. Աննա եկեղեցւոյ բակին մէջ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման անդամներուն եւ աջակիցներուն հետ ամփոփեց օրը:
Բագրատ սրբազանը հաւաքուածներուն յայտնեց, որ այսօր ժամը 16:00-ին պէտք է ներկայ ըլլան Ազատութեան հրապարակին մէջ, ուր ժամը 17:00-ին տեղի կ՛ունենայ միջազգային տնտեսական համաժողով, որուն պիտի մասնակցի նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Ժամը 16:00-ին պէտք է ներկայ ըլլանք Ազատութեան հրապարակին մէջ եւ մեր խաղաղ, բայց հուժկու ընդվզումը յայտնենք Նիկոլ Փաշինեանին», յայտնեց սրբազանը:
«Այս պայքարը նիւթական ակնկալիք չունենալու պայքար է, ո՛չ պաշտօն, ո՛չ դրամ, ո՛չ աթոռ, ո՛չ մէկ ակնկալիք կայ այս պայքարէն: Հայրենիք եւ պատիւ ունինք ստանալիք այս պայքարէն, ուրիշ ոչ մէկ բան: Ինչպէս միշտ ըսած եմ` Հոգեւոր Հայաստանը պէտք է յաղթէ Նոր Հայաստանին», ըսաւ ան:
«Հոծ թիւով մարդիկ պէտք է այնտեղ ըլլան եւ ընդվզում յայտնեն, որ անընդունելի է մեզի համար այս ապօրինի սահմանազատումը»:
Ան նաեւ յայտարարեց, որ 15 մայիսին որոշակի ջրբաժան կայ, եւ այսօր պիտի յայտարարէ հետագայ ընելիքներուն մասին. «15 մայիսին պիտի հասկնանք ինչ տեղի կ՛ունենայ եւ անմիջապէս պիտի ըսեմ, թէ ամսուն 16-ին ինչ պիտի ընենք: Ամէն պարագայի մենք աւելի մեծ մասնակցութեամբ ընելիքներ ունինք»:
Սրբազանը տեղեկացուց, որ հանդիպած է նախկին երեք վարչապետներու` Վազգէն Մանուկեանի, Հրանդ Բագրատեանի եւ Խոսրով Յարութիւնեանի հետ. «Մեր պատկերացումները ներկայացուցինք, առաջարկներ լսեցինք»: Սրբազանը նաեւ նշեց, որ հանդիպած է Ազգային ժողովի «Պատիւ ունեմ» դաշինքի եւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ. «Խորհրդարանական խմբակցութիւնները տնային աշխատանքները սկսած են կատարել: Կարիք կայ գործելու Քաղաքացիական պայմանագիրին հետ, ես պիտի հանդիպիմ նաեւ անոնց հետ. հակառակ անոր որ անոնք իրենք զիրենք լաւ չեն պահեր, բայց ոչինչ»:
«Վաղը պիտի հանդիպինք մեր հասարակական կազմակերպութիւններու եւ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Հաւանաբար մէկ-երկու օրէն լրիւ ամփոփումը կ՛ունենանք, եզրակացութիւնները, գործողութիւնները յստակ կերպով պիտի ըլլան», ըսաւ Բագրատ սրբազանը:
Այսօր առաւօտեան պիտի շարունակուին խաղաղ անհնազանդութեան գործողութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին:
Comments are closed.