Բժիշկ Արի Մկրտիչեան Գանատայի Ռոյալ Քոլէժի Վիրաբոյժներուն կողմէ նշանակուեցաւ Վիրաբուժական Ուռուցքաբանութեան Մասնագիտական Յանձնաժողովի փոխ նախագահ
706
0
Գանատայի Մըգ Կիլ Համալսարանի Առողջապահական կեդրոնի (McGill University Health Centre-MUHC) վիրաբուժական ուռուցքաբան բժիշկ Արի Մկրտիչեան, Գանատայի Ռոյալ Քոլէժի Բժիշկներուն եւ Վիրաբոյժներուն կողմէ (Royal College of Physicians and Surgeons of Canada-RCPSC) նշանակուեցաւ Վիրաբուժական Ուռուցքաբանութեան Մասնագիտական Յանձնաժողովի փոխ նախագահ: Այս նշանակումը կը վկայէ բացառիկ փորձառութիւնն ու օրինակելի առաջնորդութիւնը բժիշկ Մկրտիչեանի, որ նաեւ հետազօտող է կուրծքի եւ մելանուռի քաղցկեղի:
«Ես շատ ոգեւորուած եմ այս նշանակմամբ, նաեւ կ’ուզեմ ընդգծել, որ Մըգ Կիլ Համալսարանի Առողջապահական կեդրոնէն ես միակ նշանակուողը չեղայ, այլ իմ գործընկերներէս բժիշկ Սինզիանա Տումիդրա եւս վերջերս նշանակուեցաւ որպէս անդամ այս յանձնաժողովին: Մըգ Կիլ Համալսարանի Առողջապահական կեդրոնը ճշգրիտ հասցէ կը համարուի, երբ հարցը կը վերաբերի վիրաբուժական ուռուցքաբանութեան ոլորտի վերապատրաստման ապագայի որոշման», ըսած է բժիշկ Արի Մկրտիչեան:
Ան պիտի ղեկավարէ ուռուցքաբան վիրաբոյժներու անձնակազմը Գանատայի տարածքին, որպէսզի լաւագոյն կերպով հաստատուի վերապատրաստուողներուն կարողականութիւնը՝ նախքան անոնց աւարտելը:
«Վիրաբուժական ապագայ ուռուցքաբանները լաւագոյնս պիտի վերապատրաստուին՝ հիմնուած քաղցկեղի վերաբերեալ վերջին հետազօտութիւններուն վրայ, եւ իրենց հիւանդները պիտի բուժեն ամենաբարձր չափանիշներով,- ըսած է բժ. Մկրտիչեան: – Բուժման բաղադրեալ տարբերակները այլեւս հնարաւոր դարձած են շնորհիւ հետազօտութիւններու եւ նորարարութիւններու, որոնք իմ հետաքրքրութեանս ոլորտներն են»:
Նշենք, որ Գանատայի Ռոյալ Քոլէժի Բժիշկներու եւ Վիրաբոյժներու կողմէ նշանակումներու գործընթացը խստագոյն չափանիշներու հիմամբ կը կատարուին, ինչ որ ցոյց կու տայ ծրագրին ծանրակշռութիւնը:
Յիշենք նաեւ, որ բժիշկ Արի Մկրտիչեան Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի նախկին շրջանաւարտներէն է:
Comments are closed.