Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեան այցելեց Գամիշլի
Ապրիլ 1 -ին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան հովուապետական եռօրեայ այցելութեամբ ժամանեց Գամիշլի` ընկերակցութեամբ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան եւ Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Ժիրայր Րէիսեանի: Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան Գամիշլիի Հոգեւոր Հովիւ Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան, Պատկան Մարմնի, Ազգային Իշխանութեան, միութիւններու եւ բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, կը հաղորդէ “Գանձասար”-ը:
Նախ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ ժամերգութիւն տեղի ունեցաւ, որմէ ետք սրբազան հայրը ողջունեց ներկաները` իր ուրախութիւնը յայտնելով այս այցելութեան առիթով: Ան դիտել տուաւ, որ այցելութիւնը առիթ պիտի հանդիսանայ մօտէն հետեւելու գաղութի իրավիճակին:
Երեկոյեան ժամը 7:00-էն սկսեալ սրբազան հօր այցելեցին գաղութիս մէջ գործող բոլոր միութիւններու պատասխանատու մարմինները: Հանդիպումներուն ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցաւ տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ միութենական աշխատանքի առկայ խոչընդոտները:
Սրբազանը բարձրօրէն գնահատեց Գամիշլիի կրօնական, ազգային եւ միութենական մարմիններու գործունէութիւնը այսպիսի դժուար պայմաններու մէջ:
Կիրակի, 2 Ապրիլ 2017-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ սրբազան հօր նախագահութեամբ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ Աստուածամօր պատկերի օծման արարողութիւնը: Սրբապատկերը պիտի զետեղուի եկեղեցւոյ խորանին վրայ:
Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ շեշտեց պահեցողութեան հոգեւոր նշանակութիւնը ըսելով. «Աւետարանը կ՛ըսէ` նախ քու աչքիդ մէջի գերանը տես, յետոյ` դիմացինիդ աչքին մէջի պզտիկ շիւղը: Պահոց քառասուն օրերը սրտի մաքրութեան, ինքնասրբագրումի եւ անդրադարձի օրեր են: Մեծ պահքի քառասուն օրերուն ընթացքին եկեղեցւոյ արարողութեան մէջ հիմնականը Աստուծոյ խօսքն է: Հիմնականը Ս. գիրքի ընթերցումներն են, որոնք Տիրոջ խօսքին վրայ կը կեդրոնացնեն մեր ամբողջ ուշադրութիւնը»: Ապա սրբազան հայրը փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հալէպ այցելութեան ընթացքին արտասանած քարոզին գլխաւոր միտքերը` ըսելով. «Վերանորոգում, վերականգնում, վերաշինութիւն բառերուն մէջ խտացուած էր կաթողիկոսին քարոզը: Սուրիական պատերազմի ընթացքին նահատակներ ունեցանք, կառոյցներ քանդուեցան, տուներ փլատակ դարձան, եկեղեցիներ եւ դպրոցներ հրկիզուեցան… Այսուհետեւ վերաշինութեան ծրագիրը գործի դրուեցաւ ու ինկածները պէտք է ոտքի կանգնեցնել, մարդու արժանապատուութիւնը վերականգնել, որովհետեւ վերանորոգուած մարդը միայն կրնայ երկիրը, համայնքը վերականգնել: Վերաշինութեան ծրագիրը պիտի շարունակուի Աստուծոյ առաջնորդութեամբ եւ եկեղեցական, ազգային, միութենական աշխատանքով` մեր ժողովուրդին մասնակցութեամբ»:
Պատարագէն ետք սրբազան հայրը այցելեց Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոց, տեսակցութիւն ունեցաւ տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ, մեծ ուրախութեամբ եւ խանդավառութեամբ հետեւեցաւ փոքրիկներու աշխատանքին:
Երկուշաբթի, 3 Ապրիլ 2017-ի առաւօտեան սրբազան հայրը, Ժիրայր Րէիսեանի, Գամիշլիի Ազգ. Եփրատ վարժարաններու հոգաբարձութեան եւ թաղականութեան կազմերուն ու Գամիշլիի քահանայ հօր հետ այցելեցին Գամիշլիի ազգային երեք վարժարանները: Աշակերտներուն հետ աղօթելէ ետք, սրբազան հայրը ողջունեց հայ ապագայ սերունդի ներկայացուցիչները, որոնց փայլուն աչքերուն մէջ կը ցոլայ հայու փայլուն ապագան: Ապա ան յաջողութիւն մաղթեց իրենց եւ գաղութի մէջ գործող բոլոր միութիւններուն, որոնք մարդ կերտելու պարտականութիւնը ստանձնած են պատերազմի տագնապալի այս տարիներուն: Եզրափակելով սրբազան հայրը Աստուծմէ խնդրեց, որ խաղաղութիւն, բարգաւաճում եւ մշտական վերելք պարգեւէ Հայաստանին ու Սուրիական Հայրենիքին:
Բժշկհ. Մարի Մելքոն
Լուսանկարը` Սեւակ Տիգրանեանի