Բացում՝ Ազգային առաջնորդարանի «Երուանդ եւ Անի պասմաճեան» վերանորոգուած դահլիճին
Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքը, Ուրբաթ, 3 Մայիս 2019-ի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի յարկին տակ ունեցաւ բերկրալի հանդիսութիւն մը, որ գործնական արտայայտութիւնն էր ազգանուէր բարերարներու Առաջնորդարանիս առաքելութեան տածած զօրակցութեան ու հոգատարութեան:
Արդարեւ, ամիսներ առաջ, Ազգային Առաջնորդարանի ներքնայարկը հիմնովին վերանորոգուեցաւ՝ յարմարեցուելով անոր առաքելութեան աճող կարիքներուն ու պահանջքներուն, բարերարութեամբ՝ Տիկին Անի Պասմաճեանի, ի յիշատակ իր ողբացեալ բարերար ամուսնոյն՝ Տիար Երուանդ Պասմաճեանի:
Նշենք, որ վերանորոգուած դահլիճը կ’ընդգրկէ պաշտօնական դահլիճ՝ ընդունելութեանց նախատեսուած, լսատեսողական արդիական սարքաւորումներով օժտուած ժողովասրահ, եւ բազմաբովանդակ նիւթերով յագեցած գրադարան:
Պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը կատարուեցաւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի ձեռամբ: Ներկայ էին Պասմաճեան բարերար ընտանիքի անդամներ, գլխաւորութեամբ՝ Տիկին Անի Պասմաճեանի, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան, հոգեւորականաց դասու Կրօնական ժողովին եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ, Ազգային Պատգամաւորներ, Ազգային Երեսփոխաններ, Գործակից Միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Ազգային Առաջնորդարանի առաքելութեան հաւատացող ու սատար հանդիսացող բարերարներ, բարեկամներ եւ ազգայիններ:
Դահլիճի բացման երիզը յատեցին Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու Տիկին Անի Պասմաճեան, ապա, տեղի ունեցաւ յուշատախտակի քողազերծում ու աղ ու հացի օրհնութիւն: Բարի գալուստի ու բացման խօսքը արտասանեց Թեմիս Առաջնորդական Փոխանորդ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան: Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց Պասմաճեան բարերար ընտանիքն ու ի մասնաւորի Տիկին Անի Պասմաճեանը, եւ այս առիթով աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի օրհնէ այս ու բոլոր բարերարները ու վարձահատոյց ըլլայ անոնց։ Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ «այս դահլիճի վերանորոգումը կ’ենթադրէ համայնական ճիգերու վերանորոգում՝ ի խնդիր մեր Թեմին, գաղութին ու եկեղեցւոյ բարգաւաճման ու ծաղկման:
Աւարտին, Տիկին Անի Պասմաճեան պարգեւատուեցաւ գնահատագրով ու յուշամետալով մը, ապա, ներկաները վայելեցին պատշաճ հիւրասիրութիւն։