Բագրատ Սրբազան. «Մենք Պայքարի Վերադասաւորման Փուլ Մտած Ենք»
«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեան` 19 յունիսին տուաւ մամլոյ ասուլիս մը: Ան ներկայացուց ընթացիկ զարգացումները եւ շարժումին յառաջիկայ ծրագիրները:
Ասուլիսը սկսաւ աղօթքով:
Բագրատ սրբազանը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց լրատուամիջոցներուն մինչեւ օրս կատարած ծանր աշխատանքին համար, որ միտուած էր միայն ճշմարտութեան տարածման:
«Դուք այս ամբողջ ժամանակահատուածին ոչ միայն կատարած էք ձեր մասնագիտական պատասխանատուութիւնը, այլեւ միաժամանակ մարտնչած էք սուտին դէմ», ըսաւ սրբազանը:
Անդրադառնալով ներկայ իշխանութիւններու պահուածքին` Բագրատ սրբազանը ըսաւ. «Այլեւս որեւէ օրինականութիւն չունեցող իշխանութիւնը արիւնատենչ, արիւնի ձգտող, միայն իր դրամի եւ աթոռի իշխանութիւնը պահպանելուն կոչուած փոքրիկ խումբ մըն է, որ պատրաստ է երթալու ամէն ինչի, որուն վկայութիւնն էր 12 յունիսը:
Անոր համաձայն, 12 յունիսէն ետք իրենք պայքարի վերադասաւորման փուլ մտած են. «Պայքարը աւելի ներառական ու ընդգրկուն պիտի դառնայ: Բովանդակութիւնը մնացած է նոյնը: Շարժումը կը շարունակուի ա՛լ աւելի մեծ թափով, ա՛լ աւելի կազմակերպչական վերադասաւորումներով, որուն դուք շատ շուտ ականատես պիտի ըլլաք, նաեւ մասնակից պիտի ըլլաք», ըսաւ ան:
Սրբազանը նշեց, որ այսօր ալ կը շարունակուին հալածանքները` մարդիկը տուներէն հանելով, վախցնելով, սարսափեցնելով զուտ անոր համար, որ ճշմարտութեան համար պայքարի դուրս եկած են. «Նաեւ գործարարներուն վրայ կան ճնշումներ: Բոլոր միջոցներով կը փորձեն վախցնել մարդիկը, բայց ոչ ոք ո՛չ նահանջելու, ո՛չ ընկճուելու, ո՛չ պայքարէն հրաժարելու միտում ունի: Այս բոլորի պատասխանատուն մէկ մարդ է` կառավարութեան ղեկին նստող ստախօսն է, ինչպէս նաեւ ոստիկանութեան գլխուն գտնուող այն մարդիկ, որոնք այդ հրամանները իրագործած են կամ տուած են: Մենք բոլոր փաստերով հաղորդումներ պիտի ներկայացնենք; Այս ընթացքին բերման ենթարկուած են, ձերբակալուած են եւ կալանքի ենթարկուած միայն քաղաքացիները, ոչ մէկ ոստիկանի նկատմամբ վարոյթ կայ», ընդգծեց Բագրատ սրբազանը:
Ան յայտարարեց, որ իրենց պայքարի քաղաքական բաղադրիչը կը մնայ նոյնը` գործող իշխանութեան հեռացումը, հրաժարեցումը:
Ըստ փաստաբան Արսէն Բաբայեանի, 12 յունիսը ոստիկանութեան կողմէ իրականացուած դաժան ու աննախադէպ երեւոյթ մըն էր:
«Մեր համոզումով, անիկա ի սկզբանէ ծրագրաւորուած էր իբրեւ պատժիչ գործողութիւն այն քաղաքացիներուն ու լրագրողներուն նկատմամբ, որոնք կը մասնակցին այս շարժումին: Կան փաստագրուած տուեալներ, որ նռնակները նետուած են առանց որեւէ դիմադրութեան կամ յարձակման: Այսինքն, մինչեւ առաջին նռնակը նետուիլը, քաղաքացիներուն կողմէ չէ իրականացուած որեւէ այնպիսի գործողութիւն, որ պիտի ստեղծէր իրաւաչափ պայմաններ` յատուկ միջոցներու կիրարկման համար: Իսկ մինչեւ յատուկ միջոցներու կիրարկումը առանձին դաժանութեամբ ծեծի ենթարկած են քաղաքացիները», ըսաւ Արսէն Բաբայեան:
Ան նշեց, որ ոստիկանութեան կողմէ ընդգծուած վատ վերաբերմունքը քաղաքացիներուն նկատմամբ սկսած է Կիրանցէն:
Բաբայեանի համաձայն, կանգնեցուցած են մարդոց մեքենաները, տարած տուգանային հրապարակներ` առանց լուրջ հիմնաւորումներու: «ՀՅԴ-ի անդամներուն ապօրինի կը ձերբակալեն, իբրեւ թէ մարդոց նիւթական առումով շահագրգռելու համար», ըսաւ Բաբայեան:
Մամլոյ ասուլիսի ժամանակ պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան հրապարակելով կիրանցիներուն պարտադրուած գաղտնի դիմում-փաստաթուղթը, որ կը վերաբերի անոնց սեփականութեան իրաւունքին, ըսաւ. «Իրաւական գործընթաց պիտի սկսինք»:
Ի յաւելում Գառնիկ Դանիէլեանի խօսքին, Բագրատ սրբազանը ըսաւ. «Կիրանցի ժողովուրդին մէկ մասը այնքան արժանապատուութիւն ունի, որ փոխհատուցումը մերժած է: Գիտէ՞ք ի՜նչ գումարներ կ՛առաջարկեն մէկ հատ փոքրիկ տնակի համար, որ դրուած էր գիւղ մտնող ոլորանին վրայ, 50 հազար տոլար առաջարկած են: Մարդը ըսած է` այդ տնակը 1000 տոլար հազիւ կ՛արժէ, ինչո՞ւ 50 հազար կ՛առաջարկէք: Այսինքն` կաշառք կու տան. սա նիւթապէս շահագրգռելու յօդուած չէ՞: Ուրկէ՞ են այդ գումարները, պետական պիւտճէէ՞ն կը տրամադրեն»:
Սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ բանակի վիճակին` հարց տալով. «Որեւէ մէկը գիտէ՞ ինչ վիճակի մէջ է մեր բանակը»:
«Հնդկական զէնք կը բերենք, թող ըսեն` ինչքա՞ն բերած են հնդկական զէնք, կը գործածուի՞ անիկա, թող ցոյց տան: Հիմա կ՛ըսեն` գաղտնի է: Եթէ գաղտնի է, ինչո՞ւ կը հրապարակէիք, ինչո՞ւ գլուխ կը գովէիք: Ֆրանսական մեքենաներու մասին չեմ ըսեր, թէ ինչքա՛ն քննադատութիւն տեղի ունեցաւ:
Ես մասնագէտը չեմ, որ ըսեմ անոնց մասին, բայց հրապարակի վրայ լեցուն քննադատութիւն եղած է եւ ոչ մէկ արձագանգ», ըսաւ ան:
Comments are closed.